Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ».  Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Մանչեսթըր Սիթի Անակնկալ Պարտութիւններ Կրեցին

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Մանչեսթըր Սիթի Անակնկալ Պարտութիւններ Կրեցին

Անցեալ տարուան «Եու.Է.Էֆ.Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր» Փարիզ Սեն Ժերմեն երեքշաբթի գիշեր Լիզպոնի մէջ 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն կրեց Սփորթինկ Լիզպոնէն, արդիւնք մը, որուն պատճառով Փարիզի կազմը վտանգեց իր դիրքը ուղղակիօրէն հասնելու 1/8-րդ հանգրուան: Օրուան հերոսն էր քոլոմպիացի յառաջապահ Լուիս Սուարես, որ նշանակեց Սփորթինկի երկու կոլերը 74-րդ եւ 90-րդ վայրկեաններուն: Վրացի Քվիչա Քվարացխելիս 79-րդ վայրկեանին նշանակած էր ֆրանսական ակումբի կոլը: Խումբէն...

Կերի Չիւիչեան Պիտի Պատուուի

Կերի Չիւիչեան Պիտի Պատուուի

7 ապրիլին ամերիկահայ արհեստավարժ պասքեթպոլիստ Կերի Չիւիչեան պիտի պատուուի Լոս Անճելըս Քլիփըրզի «Ինթուիթ Տոմ» մարզադաշտին վրայ, «Հայկական ժառանգութեան երեկոյ»-ի ընթացքին, 20 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան եւ ուղղակիօրէն ազգային պատկերասփիւռի կայանէն: Չիւիչեանը պատուելու հանդէսը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ - Տալաս Մեւրիքս մրցումէն առաջ, ուր պիտի նշուին անոր իրագործումները, իբրեւ առաջին հայը` «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ: 1,93 մեթր Կերի Չիւիչեան,...

Ըմբշամարտ.  Թեւանեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի  Իր Մրցակիցին

Ըմբշամարտ. Թեւանեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

Հայ ազատ ոճի ըմբիշ Վազգէն Թեւանեան Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցող 2026-ի «Փրօ Ռեսլինկ լիկ»-ի մրցումներու գծով կարեւոր մրցում մը ունէր Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր (65 քկ կշիռի) Ալի Ռահիմզատէի (Ազրպէյճան) դէմ, որ մաս կը կազմէ «Թայկըրզ օֆ Մոմպէյ Տանկալզ» խումբին: Թեւանեան 5-2 արդիւնքով յաղթեց: Գօտեմարտի արդիւնքը վերջին երկվայրկեաններուն վճռուեցաւ: 1-1 արդիւնքով հաւասարութեան ժամանակ, Թեւանեան կէտ մը կորսնցուց եւ կը գտնուէր պարտութեան...

«Էն. Պի. Էյ.»  Անթեթոքումփօ Կը Փայլի

«Էն. Պի. Էյ.» Անթեթոքումփօ Կը Փայլի

Պասքեթպոլի յոյն հսկայ Եաննիս Անթեթոքումփօ երէկ իր խումբը` Միլուոքի Պաքսը առաջնորդեց յաղթանակի մը` Աթլանթա Հոքսի դէմ (112-110) այս վերջին դաշտին վրայ: Եաննիս, որ 21 կէտ եւ 17 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, ընտրուած էր Արեւելեան շրջանի «Օլ Սթար»-ի թիւ 1 մարզիկը` յաջորդաբար 12-րդ եղանակը ըլլալով: Արեւմտեան շրջանի թիւ 1 մարզիկն էր Նիքոլա Եոքիչ (Տենվըր Նակեթց), որ իր 8-րդ «Օլ Սթար»-ի մրցումին պիտի...

Մանչեսթըր Եունայթըտ  Բաւական Դրամ Ծախսած Է…

Մանչեսթըր Եունայթըտ Բաւական Դրամ Ծախսած Է…

2013-ին, երբ սըր Ալեքս Ֆերկըսըն հեռացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտէն, «Կարմիր սատանաները» մօտ 100 միլիոն սթերլինկ փաունտ ծախսած են մարզիչներու եւ ղեկավար կազմի անդամներու նշանակման ու հեռացման փոխհատուցումներու համար: Անցեալ շաբաթներուն, երբ Ռուպեն Ամորիմ պաշտօնանկ եղաւ, անոր պայմանագիրի մնացած 1,5 տարուան համար փորթուգալցի մասնագէտը իբրեւ փոխհատուցում ստացած է 10 միլիոն սթերլինկ փաունտ: Այսպիսով, 2013-էն ի վեր Եունայըտ 78 միլիոն սթերլինկ փաունտ վճարած...

Ռոնալտօ` Աշխարհի Ամէնէն Բարձր  Վարձատրուող Մարզիկը

Ռոնալտօ` Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Վարձատրուող Մարզիկը

Ըստ «Սփորթիքօ» պարբերականին, Սէուտական Արաբիոյ Նասր ակումբի փորթուգալցի աստղ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ աշխարհի ամէնէն բարձր վարձատրուող մարզիկն է: 40 տարեկան Ռոնալտոյի աշխատավարձքը կը կազմէ 200 միլիոն եւրօ, իսկ անոր ընդհանուր տարեկան եկամուտը կը գնահատուի 260 միլիոն եւրոյով: Դասաւորման երկրորդ դիրքը կը գրաւէ մեքսիքացի բռնցքամարտիկ Սաուլ Ալվարես: 2025-ին ան վաստկած է 137 միլիոն եւրօ, որոնց 125 միլիոնը մրցումներէ, իսկ 12 միլիոնը` ծանուցումներէ:...

Նշմար.  Ճիշդ Պահը Եւ Ճիշդ Որոշումը

Նշմար. Ճիշդ Պահը Եւ Ճիշդ Որոշումը

ԿԱՐՕ Կ. Խմբային խաղերու մէջ կրնաս լաւ խումբեր ունենալ, բայց ժամանակաշրջան մը կրնայ գալ, երբ արդիւնքները կրնան ժխտական ըլլալ: Այդ պարագային պատասխանատու մարմինը, յանձնախումբը, վարչութիւնը բնականաբար օրուան մարզիչէն կը սպասեն բացատրութիւն, զեկուցում: Այդ բոլորէն ետք ճիշդ պահուն պատասխանատու այդ կառոյցը կրնայ որոշում տալ` փոխե՞լ, թէ՞ պահել մարզիչը: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբին պարագային այդ եղաւ, եւ մարզիչը ճիշդ պահուն փոխելու...

Սենեկալ Ափրիկէի Ախոյեան

Սենեկալ Ափրիկէի Ախոյեան

Կիրակի գիշեր Ռապաթի (Մարոք) մէջ տեղի ունեցաւ Ափրիկէի ազգերու ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին Սենեկալ անակնկալի բերաւ հիւրընկալ կազմը եւ յաղթեց անոր 1-0 արդիւնքով: Մրցումը շատ վիճելի պահեր ունեցաւ եւ բաւական երկարեցաւ: Առաջին կիսախաղին Սենեկալ աւելի վտանգներ ստեղծեց, բայց որեւէ խումբ չկրցաւ կոլ նշանակել: Բ. կիսախաղին Սենեկալ գնդակին վրայ շատ աւելի իշխեց, բայց Մարոք շատ աւելի վտանգաւոր առիթներ ունեցաւ: Մրցումէն...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քեւըն Տիւրենթ Կը Շարունակէ Բարձրանալ

«Էն. Պի. Էյ.» Քեւըն Տիւրենթ Կը Շարունակէ Բարձրանալ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի երէկուան մրցումներուն, Քեւըն Տիւրենթ, որ օրեր առաջ գրաւած էր պատմութեան առաւելագոյն կէտեր նշանակողներու 7-րդ դիրքը, կրցաւ 6-րդ դիրքին հասնիլ` գերազանցելով գերմանացի Տըրք Նովեթցքին: Տիւրենթ Հիուսթըն Ռոքեթցի հետ 18 կէտ նշանակեց` օգնելով, որ խումբը 119-110 արդիւնքով յաղթէ Նիւ Օրլինզ Փելիքընզին: 15 անգամ «Օլ Սթար»-ի մրցումի մասնակցած Տիւրենթ այժմ 31.562 կէտ ունի` 2 կէտերով գերազանցելով Նովեթցքիին, եւ իրմէ վեր`...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Ինթեր Միլան – Արսենալ

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ինթեր Միլան – Արսենալ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքը կը շարունակուի այսօր, ուր կը սկսին 7-րդ շաբթուան մրցումները, իսկ վաղը կը շարունակուին մնացեալ 9 մրցումները: Յառաջիկայ չորեքշաբթի տեղի կ՛ունենան առաջին հանգրուանի 8-րդ եւ վերջին շաբթուան մրցումները, որոնց ընթացքին կը յստականան այն 8 խումբերը, որոնք պիտի հասնին 1/8-րդ հանգրուան եւ 12 խումբերը, որոնք դուրս պիտի մնան, եւ անշուշտ մնացեալ 16 խումբերը, որոնք...

«Լա Լիկա».  Պարսելոնա Անակնկալ Պարտութիւն Կրեց Սան Սեպասթիանի Մէջ

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Անակնկալ Պարտութիւն Կրեց Սան Սեպասթիանի Մէջ

9 յաջորդական յաղթանակներէ ետք Պարսելոնա չկրցաւ 2016-ին ձեռք ձգած 10 յաղթանակներուն հաւասարիլ եւ կիրակի գիշեր 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Պասքերու Սան Սեպասթիան քաղաքի Ռէալ Սոսիետատէն: Պարսելոնա այդքան ալ վատ մրցում մը չունեցաւ, այլ պարզապէս անբախտ դուրս եկաւ միայն 1 կոլ նշանակելով եւ 5 անգամ ցնցելով Սոսիետատի բերդի սիւներն ու ձողը: 7-րդ եւ 28-րդ վայրկեաններուն նշանակուած կոլերուն չվաւերացուելէն ետք, Պարսելոնա 32-րդ...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Սփորթինկ Պքեննայա` 77-55

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Սփորթինկ Պքեննայա` 77-55

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը շաբաթ օր Մըզհերի մէջ կատարեց տարեշրջանի իր 3-րդ մրցումը եւ առանց մասնաւոր դժուարութեան պարտութեան մատնեց Սփորթինկ Պքեննայան` 77-55 արդիւնքով: Յաջորդաբար իր 3-րդ մրցումին, ՀՄԸՄ իր մրցակիցին առիթ չտուաւ 60 կէտերու հասնելու, եւ միեւնոյն ժամանակ յարձակումներուն վրայ իշխելով կրցաւ արձանագրել իր 3-րդ յաղթանակը: Առաջին մասին 20-16 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, ՀՄԸՄ-ի աղջիկները պահեցին եւ շարունակեցին աւելցնել իրենց...

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-1 Արդիւնքով Յաղթեց Ահլի Սայտային

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-1 Արդիւնքով Յաղթեց Ահլի Սայտային

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը աւելի եւս հետաքրքրական կը դառնայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի համար, մանաւանդ որ իր նոր մարզիչին հետ կրցաւ 4-1 արդիւնքով լայն յաղթանակով վերադառնալ Ահլի Սայտայի դէմ մրցումէն: Ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի աւստրալիացի մարզիկը տարբեր կազմով դաշտ ներկայացած էր, ուր Տիգրան «Տիգօ» Վարդան աջ ծայրի պաշտպանի դիրքի վրայ խաղցաւ, մինչ Միկել Խանճեան խաղցաւ ձախ ծայրի պաշտպան...

«Էն. Պի. Էյ.»  Էտուըրտծ 55 Կէտ Նշանակեց, Բայց Մինեսոթա Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.» Էտուըրտծ 55 Կէտ Նշանակեց, Բայց Մինեսոթա Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան, եւ երէկ Սան Անթոնիոյի մէջ (Թեքսաս) տեղւոյն Սփըրզ կրցաւ զսպել Անթոնի Էտուըրտծի Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզը եւ յաղթել 126-123 արդիւնքով: Վիքթոր Ուեմպանեամա 39 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ շատ կարեւոր ռիպաունտ մը արձանագրեց վերջին վայրկեաններուն` զսպելով Էտուըրտծի հերոսական ելոյթը: Անթոնի Էտուըրտծ այս տարեշրջանի իր առաւելագոյն կէտերը նշանակեց` 55, ուր միայն 4-րդ մասին 26 կէտեր նշանակելով...

«Պունտեսլիկա».  Պայերն Միւնիխ «Պատժեց» Լայփցիկը (1-5)

«Պունտեսլիկա». Պայերն Միւնիխ «Պատժեց» Լայփցիկը (1-5)

«Պունտեսլիկա»-ն այս տարեշրջանին սկսած էր 22 օգոստոսին, եւ բացման մրցումին Պայերն Միւնիխ 6-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էր Ռետ Պուլ Լայփցիկը: Շաբաթ գիշեր «Պունտեսլիկա»-ի դարձի առաջին մրցումին նոյն խումբերը մրցեցան Լայփցիկի «Ռետ Պուլ Արսենալ»-ին մէջ: Մրցումի սկիզբէն յստակ էր, որ Լայփցիկ աւելի կազմակերպուած ֆութպոլ կը խաղար եւ առիթներ կը ստեղծէր մինչեւ 20-րդ վայրկեան, երբ պրազիլցի Ռոմուլօ Քարտոսօ նշանակեց Լայփցիկի եւ...

«Սերի Ա.»  Ինթեր Յաղթեց, Եուվէ Պարտուեցաւ

«Սերի Ա.» Ինթեր Յաղթեց, Եուվէ Պարտուեցաւ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ինթեր Միլան կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Ուտինեզէի դաշտին վրայ, երթին իր անակնկալ պարտութեան վրէժ լուծելով: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց արժանթինցի Լաութարօ Մարթինես, 20-րդ վայրկեանին: Եուվենթուս, որ ախոյեան Նափոլիի դէմ պարտուելէ ետք (2-1) անցեալ 7 դեկտեմբերին, 7 մրցումներէ անյաղթ կը մնար, անակնկալ պարտութիւն մը կրեց 16-րդ դիրքը գրաւող Քալիարիէն: Հակառակ մեծ թիւով առիթներ ստեղծելուն, Եուվենթուս...

«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըրի Տերպին Յաղթեց Եունայթըտի. Արսենալ Կոլ Չկրցաւ Նշանակել

«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըրի Տերպին Յաղթեց Եունայթըտի. Արսենալ Կոլ Չկրցաւ Նշանակել

Շաբաթավերջին Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Մանչեսթըր Եունայթըտ Մայքըլ Քարիքի հետ իր առաջին մրցումին 2-0 արդիւնքով անակնկալի բերաւ Փեփ Կուարտիոլայի Մանչեսթըր Սիթին` արձանագրելով իր առաջին յաղթանակը 2024-ի դեկտեմբերէն ի վեր Մանչեսթըրի տերպիի մրցումին: Փեփ սովորական իր մրցումը կը կիրարկէր` գնդակին տիրապետելով, մինչ Եունայթըտ արագ հակայարձակումներու վստահած էր բնականաբար: Ափրիկէի Ազգերու ախոյեանութիւնը աւարտելէ ետք, վերադարձած էին Պրայըն Էմպումօ եւ Ամատ...

«Լիկ 1».  Լանս Անակնկալի Դիրքէն Բարձրացաւ  Թեկնածուի Դիրք

«Լիկ 1». Լանս Անակնկալի Դիրքէն Բարձրացաւ Թեկնածուի Դիրք

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ 1»-ի պարագլուխի դիրքը գրաւած անակնկալ խումբը` Լանս, ըստ երեւոյթին անակնկալ  կոչումէն դարձած է լուրջ թեկնածու: Ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանին 2-0 արդիւնքով պարտուելէ ետք Մեձէն 29 հոկտեմբերին, Լանս իր 10-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց բաժակի թէ ախոյեանութեան գծով, եւ 1 կէտի առաւելութիւնը կը պահէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի 2025-ի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի վրայ: Խումբին նախագահն է Ժոզեֆ Ուղուրլեան, որ 2017-էն...

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Այսօր ժամը 14:15-ին, Անսար գիւղի «Իմամ Մուսա Սատըր» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Լիբանանի Գ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան իր 6-րդ մրցումը պիտի կատարէ Ահլի Սայտայի դէմ: Շատ կարեւոր մրցում մըն է այս, եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոցմէ կը սպասուի տալ լաւագոյնը` նոր մարզիչ Էնտրա Օքլիի հետ, որ քանի մը օր առաջ միացած էր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի, որ խզած էր իր...

Ֆութսալ.  Հայաստան – Լիբանան` 8-3

Ֆութսալ. Հայաստան – Լիբանան` 8-3

Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը իր վերջին փորձ մրցումը կատարեց, եւ 8-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը: Ուսումնամարզական հաւաքի իր վերջին պատրաստութիւններուն գծով Ռուբէն Նազարէթեանի մարզած խումբը, որ հայկական խմբային մարզախաղերու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը հասնէր միջազգային կարեւոր մրցաշարքի` 2026-ի Եուրոյին (Եւրոպայի ախոյեանութեան) գերազանցեց Լիբանանի ազգային խումբը: Հայաստանի հաւաքականէն հեթ-թրիք իրագործեց Տենիս Նեւետրով, իսկ 2 կոլ նշանակեց...

Page 66 of 1275 1 … 65 66 67 … 1,275

Արխիւներ