ՖԻՖԱ-ն յայտարարեց, թէ 500 միլիոնէ աւելի տոմսերու առաջարկներ ստացած է այս ամրան տեղի ունենալիք Մոնտիալին համար:
Միջազգային ֆութպոլի պատասխանատու մարմինը յայտնեց, որ բացի Միացեալ Նահանգներու, Մեքսիքոյի եւ Քանատայի համակիրներէն, առաւելագոյն առաջարկները ստացած են Գերմանիոյ, Անգլիոյ, Պրազիլի, Սպանիոյ, Փորթուգալի, Արժանթինի եւ Քոլոմպիոյ համակիրներէն:
ՖԻՖԱ-ն նախապէս իւրաքանչիւր տոմսի դիմաց կը պահանջէր մինչեւ 8,680 տոլար: Դժգոհութիւններէ ետք, ՖԻՖԱ-ն անցեալ ամիս նուազեցուցած էր սակագինը` առիթ տալով 60 տոլար արժող սահմանափակ տոմսերու ամէն մրցումի համար 48 մասնակից խումբերու ֆետերասիոններուն, որոնք իրենք պէտք է որոշեն, թէ ո՛ր համակիրներուն պէտք է յանձնել զանոնք:
Պէտք է ըսել, որ ամէնէն աւելի պահանջուած տոմսերն էին Քոլոմպիա – Փորթուգալ մրցումին տոմսերը, ապա Մեքսիքօ – Հարաւային Քորէա, ապա աւարտականի մրցումի տոմսը, բացման մրցումի տոմսը` Մեքսիքօ – Հարաւային Ափրիկէ, ինչպէս նաեւ Բ. հանգրուանէն մրցում մը, որ տեղի պիտի ունենայ 2 յուլիսին` Թորոնթոյի մէջ:
ՖԻՖԱ-ն յայտնեց, որ առաջարկներուն պիտի պատասխանէ 5 փետրուարէն ետք` զանոնք բաժնելով ըստ փափաքի:


