Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Շատ Մը Մարզիկներ Կը Վիրաւորուին

January 16, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները կը շարունակուին, եւ վիրաւորներու շարքն ալ կ՛երկարի բոլոր խումբերուն համար:

Ամէնէն շատ ազդուած խումբը կրնայ ըլլալ Տալաս Մեւրիքս, որուն թիւ 1 աստղ Քայրի Ըրվինկ անցեալ տարեշրջանէն կը շարունակէ բացակայիլ վերաբուժութենէ ետք, մինչ «Օլ Սթար»-ի մասնակից այլ աստղ մը` Անթոնի Տէյվիս, իր կարգին բազմաթիւ մրցումներէ կը բացակայի: Տալասի «գլխու ցաւ»-ը ըստ երեւոյթին կ՛երկարի, մանաւանդ երբ նորեկ աստղ Քուփըր Ֆլեկ ձախ ոտքը վիրաւորեց Տենվըր Նակեթցի դէմ մրցումի առաջին կիսախաղին: Վերջինս յաղթեց 118-109 արդիւնքով:

Ասիկա Տալասի 26-րդ պարտութիւնն էր 41 մրցումներու ընթացքին, եւ նկատի ունենալով, որ բնական տարեշրջանի կէսը հասած է, այս ընթացքով խումբը կրնայ դուրս մնալ փլէյ օֆէն:

Քլիվլենտ Քեվելիրզի աստղ Տոնավըն Միչել 35 կէտ եւ 9 էսիսթ ձեռք ձգեց Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի դաշտին վրայ, ուր Քեվելիրզ 133-107 արդիւնքով յաղթեց: Տարիըս Կարլենտ 20 կէտ նշանակեց, բայց իր կարգին ոտքը վիրաւորեց 3-րդ մասին եւ չկրցաւ աւարտել մրցումը:

Ժոել Էմպիիտ 20 կէտ նշանակեց` հասնելով 13 հազար կէտի եւ դառնալով 76-ըրզի պատմութեան 7-րդ մարզիկը, որ այդ թիւի սահմանը կը հասնի:

Փոլ Ճորճ աւելցուց 17 կէտ` ի նպաստ 76-ըրզի:

Նիւ Եորք Նիքս 101-112 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Սաքրամենթօ Քինկզէն, ուր Ճէյլըն Պրանսըն առաջին մասին ոտքը վիրաւորելով չկրցաւ շարունակել մրցումը: Տըմար Տըրոզըն 27 կէտ նշանակեց ի նպաստ Սաքրամենթոյի, մինչ Միքալ Պրիճզ 19 կէտով գլխաւորեց Նիւ Եորքի մարզիկները:

Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 119-105 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծը, ուր Քուայ Լենըրտ 33 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիփըրզի:

Նախորդը

Արպելոա Ձախող Ձեւով Սկսաւ Ռէալ Մատրիտի Իր Ասպարէզը` Դուրս Մնալով Բաժակի Մրցաշարքէն

Յաջորդը

Թենիս. Մարիա Ազիզեան` Ապագայի Խոստմնալից Թենիսվումըն

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի

February 14, 2026
Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` Իժթիմահի-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ
Մարզական

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` Իժթիմահի-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

February 14, 2026
Ուասլ.  Ռիատի Եւ Սաժես Յաղթեցին
Մարզական

Ուասլ. Ռիատի Եւ Սաժես Յաղթեցին

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.