Սէուտական Արաբիոյ բարձրագոյն դասակարգի պարագլուխի դիրքը երկար ժամանակ գրաւելէ ետք Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Նասր ակումբը վերջին 3 մրցումներուն (2026-ին) 3 պարտութիւն կրեց եւ 7 կէտով ետ կը մնայ Հիլալէն` 14-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք:
Հանգրուանի բացման մրցումին, Ռոնալտօ 42-րդ վայրկեանին նշանակեց իր ասպարէզի 959-րդ կոլը` ֆրանսացի Քինկզլի Քոմանի փոխանցումէն օգտուելով:
Սակայն Բ. կիսախաղին Հիլալ կրցաւ հաւասարիլ շնորհիւ Սալեմ Տոսարիի փենալթիին, որմէ քանի մը վայրկեան ետք Նասրի բերդապահ Նաուաֆ Աքիտի կարմիր քարտ ստացաւ: Նասր կը փորձէր դիմանալ 10 մարզիկներով, բայց 81-րդ վայրկեանին Մոհամետ Քաննօ եւ 92-րդ վայրկեանին փորթուգալցի Ռուպեն Նեւեշ (փենալթիով) 2 կոլ նշանակեցին` յաղթանակը նուիրելով Հիլալին (38 կէտ), որ ինչպէս նշեցինք, 7 կէտերով հեռացաւ Նասրէն:


