Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արպելոա Ձախող Ձեւով Սկսաւ Ռէալ Մատրիտի Իր Ասպարէզը` Դուրս Մնալով Բաժակի Մրցաշարքէն

January 16, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ալվարօ Արպելոա իր առաջին մրցումը ունեցաւ չորեքշաբթի գիշեր, ուր Ռէալ Մատրիտ կը մրցէր Ալպասեթէի դէմ «Քոփա Տել Ռէյ»-ի 1/8-րդ հանգրուանի մրցումներուն:

Արպելոա, որ երիտասարդներու խումբը կը մարզէր, փոխարինած էր Չապի Ալոնսոն, եւ այս մրցումը սկսաւ մեծ մասամբ երիտասարդ սպանացիներով: Ալ պաշտպան Տաւիտ Խիմենխ (21 տարեկան) եւ միջնապահ Խորխէ Սեսթերօ Սանչօ (19 տարեկան) իրենց առաջին պաշտօնական մրցումը կ՛ունենային, մինչ պահեստի բերդապահ Անտրէ Լոնին եւ ձախ յետսապահ Ֆրան Կարսիա բաւական ժամանակէ հիմնական կազմին մէջ չէին խաղար:

Ճուտ Պելինկհամ, Թիպօ Քուրթուա, Ալվարօ Քարրերաս, Քիլիան Էմպափէ, Ռոտրիկօ եւ Օրելիեն Չուամենի նկատի չէին առնուած այս մրցումին` հանգիստ ընելու համար, միանալով արդէն իսկ վիրաւոր բացականեր Թրենթ Ալեքսանտր-Առնոլտի, Էտիտ Միլիթաոյի, Ֆերլան Մենտիի եւ Անթոնիօ Ռուտիկերի, մինչ Պրահիմ Տիաս Մարոքի ազգային խումբին հետ կը մասնակցէր Ափրիկէի ազգերու ախոյեանութեան:

Բ. դասակարգի Ալպասեթէն, որ 17-րդ դիրքը կը գրաւէ, պատմական յաջողութեան հասաւ` դուրս ձգելով Ռէալ Մատրիտը, համակիրներուն պարգեւելով անմոռանալի երեկոյ մը:

Արպելոա վերջին 9 մարզիչներու միայն 2-րդն էր, որ պարտութեամբ կը սկսէր Ռէալ Մատրիտի հետ իր ասպարէզը Խոսլեն Լոփեթեկիի հետ:

42-րդ վայրկեանին Խաւի Վիլիար նշանակեց Ալպասեթէի առաջին կոլը, բայց Ռէալ Մատրիտ, որ շատ դանդաղ կը խաղար, կրցաւ հաւասարիլ 18 տարեկան արժանթինցի Ֆրանքօ Մասթանթունոյի շնորհիւ, քոռնըրէ մը ետք: Երկրորդ կիսախաղին Ռէալ Մատրիտ աւելի արագ սկսաւ խաղալ, սակայն լուրջ առիթներ չկային:

58-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացու Հեֆթէ Պեթանքոր, որ աւելի ուշ դարձաւ Ալպասեթէի հերոսը: Ան 82-րդ վայրկեանին գեղեցիկ հարուածով մը նշանակեց Լունինի բերդին մէջ: 91-րդ վայրկեանին Արտա Կիւլերի փոխանցումէն ետք Կոնսալօ Կարսիա նշանակեց Ռէալի 2-րդ եւ հաւասարութեան կոլը, սակայն 94-րդ վայրկեանին, երբ Ռէալ կը յարձակէր, գնդակը հասաւ Պեթանքորի, որ հակայարձակումով մը երկրորդ անգամ ըլլալով գրաւեց Լունինի բերդը` դուրս ձգելով մայրաքաղաքի «հսկան»:

2026-ի 4-րդ մրցումին Ռէալ Մատրիտ իր 2-րդ յաջորդական պարտութիւնը կրեց 3 օրուան ընթացքին:

Թէ որքանո՛վ Արպելոա պիտի կարենայ յաջողութեան հասնիլ կարճ ժամանակի ընթացքին, միայն ժամանակը գիտէ: Բայց մէկ բան յստակ է, թէ Ռէալ Մատրիտի հարցերը միայն մարզիչի չեն վերաբերիր, այլ բաւական մեծ թիւով «շփացած» մարզիկերու: Որքան ալ ըլլայ մարզիչ մը, խաղցողները բնաւ պէտք չէ իրենց «հանգստութեան» համար ճնշեն ղեկավարութեան վրայ, որ ստիպուի ճնշումի տակ դնել մարզիչը` գոհ պահելու մարզիկները:

Արդեօք չափազանց արհեստավարժութիւնը կամ ծանուցումներ ապահովող մարզիկները ազդեցութիւն պէ՞տք է ունենան աշխարհի մեծագոյն ակումբներէն մէկուն վրայ:

Նախորդը

Մոնրոյի Վարդապետութեան Վերականգնումը

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Շատ Մը Մարզիկներ Կը Վիրաւորուին

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի

February 14, 2026
Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` Իժթիմահի-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ
Մարզական

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` Իժթիմահի-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

February 14, 2026
Ուասլ.  Ռիատի Եւ Սաժես Յաղթեցին
Մարզական

Ուասլ. Ռիատի Եւ Սաժես Յաղթեցին

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.