Ֆրանսական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի ֆութպոլիստներուն եւ խումբի գլխաւոր մարզիչին` Թոմաս Թուխելի մօտ դարձեալ կը տիրէ լարուած մթնոլորտ:
Ֆութպոլիստները դժգոհ են իրենց մարզիչին գործելաձեւէն` բողոքելով, որ դաշտին վրայ մարզիկներու ընտրութեան որոշումները սխալ ձեւով տեղի կ՛ունենան:
Անոնց կարծիքով, մանաւանդ յարձակողական գիծին վերաբերեալ անոր ընտրութիւնները սխալ ձեւով կը կատարուին:



