Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս այսուհետեւ մրցում պիտի չկատարէ Պեշիքթաշի հետ` նկատի ունենալով, որ թրքական ակումբը իր պայմանագրութիւնը խզեց հայ ֆութպոլիստին հետ:
Պայմանագիրը խզելուն համար Պեշիքթաշ Օզպիլիսին պիտի վճարէ, 2,5 միլիոն եւրօ` իբրեւ փոխհատուցում:
Նախապէս Օզպիլիս իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին յոյս յայտնած էր, որ պիտի շարունակէ հանդէս գալ թրքական ակումբին հետ` նկատի ունենալով, որ խումբը ունեցած էր նոր գլխաւոր մարզիչ:
Օզպիլիս նախորդ տարեշրջանին, փոխ տրուած էր հոլանտական Ուիլեմ Բ.-ի, որուն հետ 18 մրցումի ընթացքին նշանակած էր 2 կոլ եւ կատարած 2 էսիսթ: