«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Դ. հանգրուանի փլէյ-օֆի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ախոյեան Արարատ Արմենիա կը հիւրընկալէ Տիւտելանժը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 17:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ կատարուելիք այս մրցումին, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ այս մրցումին իրաւարարները նշանակուած են Աւստրիայէն:
Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Հերըլտ Լեհներ:
Լիւքսամպուրկի ախոյեանին դէմ հայրենի կազմը պիտի փորձէ կոլերու մեծ տարբերութեամբ յաղթանակ մը արձանագրել` դարձին դժուարութեան դիմաց չգտնուելու համար:
Այսօրուան մրցումը ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի Առաջին ալիքէն: