Փորթուգալեան Փորթոյի բերդապահ Իքեր Քասիաս չ՛ուզեր աւարտել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը եւ յոյս ունի ֆութպոլի դաշտերը վերադառնալու նախքան 2019 տարուան աւարտը, շատ հաւանաբար` դեկտեմբերին:
28 տարեկան սպանացին, որ նախորդ մայիսին սրտի կաթուած ունենալէ ետք վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ, ժամանակաւորապէս Փորթոյի թեքնիք տնօրէնի պաշտօնը ստանձնեց:
Քասիաս, որ 2015-ին միացաւ Փորթոյին մինչեւ յառաջիկայ տարի պայմանագրութիւն մը ստորագրած է անոր հետ: