20-25 օգոստոսին Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ տեղի կ՛ունենայ լողարշաւի կրտսերներու (երկսեռ) աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանան` վեց երկսեռ մարզիկներով, որոնք պիտի մասնակցին տարբեր դասակարգերու մրցումներուն:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնի անդամ Ապպուտ Իսսա, իսկ մարզիկներուն մարզիչն է Ժորժ Եազպեք: