Ինչպէս ծանօթ է, 30 ու 31 օգոստոսին եւ 1 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելին: Այս ռելին կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ:
Կազմակերպիչ միութիւնը` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.», այս գծով մանրամասն տեղեկութիւն ներկայացնելու նպատակով այսօր` հինգշաբթի, 22 օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին, Քասլիքի իր կեդրոնատեղիին մէջ պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը: