Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տեղի ունեցող «ԿԱԿ» համախմբումին հեծելարշաւի մրցաշարքին մասնակցեցան բազմաթիւ հեծելանւորդներ, որոնք պայքարեցան առաջնակարգ դիրքեր գրաւելու համար:
16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Իպրահիմ Հայտար (Անթունիէ):
19 տարեկանէն վեր դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Ռաֆիք Իտ (Սալաաթա):
Իսկ աղջկանց 17-18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Տորոթի Թանիոս («ԿԱԿ»):
Այս մրցումները տեղի ունեցան Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ: