Կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ 40 տարեկան եւ վեր վեթերաններու տղոց պասքեթպոլի մրցաշարք մը:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ վեց խումբերը.
Զուք, Քահրապա, «Էմ.-13», Անուար, Սփաքեթ եւ Շանվիլի Վեթերաններ:
Ըստ մրցաշարքի օրէնքին, չորս խումբեր կ՛ապահովեն կիսաւարտականին իրենց տոմսերը:
Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները.
Սփաքեթ – Շանվիլի Վեթերաններ | 59-52 |
Զուք – Քահրապա | 74-72 |
Անուար – Սփաքեթ | 63-56 |
Քահրապա – «Էմ.-13» | 86-74 |