Իր շարքերը աւելի զօրացնելու նպատակով եւ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու նպատակով, Շապապ Սահել իր կազմը կ՛օժտէ յաւելեալ մարզիկներով:
Խումբը իր կազմին միացուց Սալամ Զղարթայի միջնապահ Եուսեֆ Պարաքեթը, որ կը նկատուի լաւ միջնապահ մը:
Հակառակ 21 տարեկան ըլլալուն, Եուսեֆ Պարաքեթ ունի բացառիկ յատկութիւններ:
Պարաքեթ մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Սահելի հետ:



