Ռոժէ Ֆըղալի Յաղթական` Բացման Ցուցադրական Մրցումին
Երէկ երեկոյեան «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցաւ Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելիին պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հանդիսատեսներու:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող այս ռելին 28 տարի ետք դարձեալ սկիզբ առաւ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-էն. վերջինը տեղի ունեցաւ 1991-ին, որմէ ետք անիկա տեղի ունեցաւ այլ տեղեր:
Բացման ցուցադրական մրցումին առաջին դիրքը գրաւեց լիբանանցի փորձառու վարորդ Ռոժէ Ֆըղալի, որ իր օգնականին` Ժոզեֆ Մաթարի հետ («Սքոտա Ֆապիա-Ար.-5» արձանագրեց 2′ 50″ 17 արդիւնք մը:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Նասեր Սալեհ Աթիէ, որ իր ինքնաշարժով` «Վոլֆսվակըն Փոլօ Ճի. Թի. Այ.» 2,5 երկվայրկեան ուշացում մը արձանագրեց: Անոր օգնականն է Մեթիու Պոմել:
Այսօր` շաբաթ, 31 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 7:00-ին, տեղի կ՛ունենայ Բ. հանգրուանի մրցումը: Նշենք, որ ռելիին ընդհանուր երկարութիւնն է 645,24 քմ:
Կը կարծուի, որ նախորդ տարիներուն նման պայքարը դարձեալ պիտի ըլլայ բաւական սուր` Ֆըղալիի եւ Աթիէի նման: