Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին անդամ Ֆուատ Սալիպա նշանակուեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար:
Այս նշանակումը կատարուեցաւ Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր համագումարին ընթացքին:
Սալիպա, որ ներկայիս Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրի ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը կը վարէ, բաւական աշխուժ գործունէութիւն ունեցած է մարզաշխարհին մէջ:



