Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած տղոց 14 տարեկանէն վար ախոյեանութեան 2019 տարեշրջանի փլէյ-օֆի բոլոր մրցումները տեղի պիտի ունենան այսօր` շաբաթ, 31 օգոստոսին, Պիպլոսի նորակառոյց դաշտին վրայ (Ժիպէյլ):
ՀՄԸՄ Անթիլիասի խումբը իր մրցումը պիտի կատարէ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Էներժիի դէմ:
Մրցումները պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 8:30-ին: Վերջին մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:00-ին:
Յաղթանակ արձանագրելու պարագային քառորդ աւարտականին ՀՄԸՄ Անթիլիաս վաղը, ժամը 16:30-ին, իր դէմ պիտի ունենայ Չեմփս-Անիպալ մրցումին յաղթականը:
Նշենք, սակայն, որ քառորդ աւարտականի մրցումները պիտի կատարուին Ամշիթի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի կազմէն կ՛ակնկալուի ոչ մէկ ճիգ խնայել յաղթանակ արձանագրելու այսօր եւ վաղը` կիրարկելով խմբային խաղաոճ մը: