Հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան այսօր` շաբաթ, 31 օգոստոսին, Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ Անթուան Ղորայեպի անուան պասքեթպոլի 7-րդ տարիքային մրցաշարքի բացման հանդիսութիւնը` ժամը 17:00-ին:
Այս մրցաշարքին կը մասնակցին 30 ակումբներու մաս կազմող 1200 մարզիկներ:



