Արմէն Բարսեղեան 3-րդ`
Պերլինի Մէջ
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ ճատրակի միջազգային մրցաշարքերուն հայրենի խաղացողներ արձանագրած են տպաւորիչ արդիւնքներ:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ մէջ տեղի ունեցած «Եու. Էս. Մասթըրզ» միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են 88 խաղացողներ, որոնց կարգին` 23 կրանտմասթըրներ:
Հայաստանը կը ներկայացնէին, կրանտմասթըրներ Հրանդ Մելքումեան եւ Յովհաննէս Գաբուզեան:

Գաբուզեան, առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 6,5 կէտ, բաժնեց 1-9-րդ դիրքը:
Մրցաշարքին ընթացքին նկատի չառնուեցան խաղացողներուն լրացուցիչ ցուցանիշները:
Իսկ Մելքումեան, որ ապահովեց 6 կէտ, բաժնեց 10-16-րդ դիրքը:
ՊԵՐԼԻՆԻ մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին մասնակցեցան 189 խաղացողներ:

Հայաստանի ներկայացուցիչ Արմէն Բարսեղեան, որ նախորդ շաբաթավերջին հանդիսացած էր Եւրոպայի 16 տարեկանէն վար ախոյեան, առաւելագոյն 9 կէտէն 7,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երրորդ: