
Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ պարսելոնայի նախկին ֆութպոլիստ Լուիս Էնրիքէի 9 տարեկան աղջնակը` Քսանա, մահացաւ, յայտնեց սպանական մամուլը:
Իր աղջկան հիւանդութեան պատճառով, 49 տարեկան մասնագէտը հրաժարական տուած էր Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի իր պաշտօնէն:
Շարք մը լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ բժիշկները քանի մը ամիսէ ի վեր կը պայքարէին, աղջնակին մօտ ի յայտ եկած քաղցկեղի հիւանդութեան դէմ:
Սակայն անոնց պայքարը եղաւ ապարդիւն` նկատի ունենալով, որ անոնք Քսանայի կեանքը չկրցան փրկել:


