
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2019-2020 տարեշրջանի ախոյեանութեան վիճակաձգութեան ընթացքին (խմբակներու դրութեամբ կատարուելիք մրցումներ) տեղի ունեցաւ նախորդ տարեշրջանի մրցանակակիրներու պարգեւատրման հանդիսութիւնը:
Լաւագոյն յառաջապահ ճանչցուեցաւ Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի:
Լաւագոյն բերդապահի տիտղոսը ստացաւ «Չեմփինզ լիկ»-ի տիտղոսակիր, անգլիական Լիվըրփուլի պրազիլցի բերդապահ Ալիսոն Պեքըր:
Լաւագոյն յետսապահ ճանչցուեցաւ հոլանտացի Վիրճիլ Վան Տիյք (Լիվըրփուլ), լաւագոյն միջնապահ` հոլանտական Այաքս Ամսթերտամէն Պարսելոնա տեղափոխուած հոլանտացի Ֆրենքի Տը Եոնկ:


