Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը իր վերջին փորձ մրցումը կատարեց, եւ 8-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը:
Ուսումնամարզական հաւաքի իր վերջին պատրաստութիւններուն գծով Ռուբէն Նազարէթեանի մարզած խումբը, որ հայկական խմբային մարզախաղերու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը հասնէր միջազգային կարեւոր մրցաշարքի` 2026-ի Եուրոյին (Եւրոպայի ախոյեանութեան) գերազանցեց Լիբանանի ազգային խումբը:
Հայաստանի հաւաքականէն հեթ-թրիք իրագործեց Տենիս Նեւետրով, իսկ 2 կոլ նշանակեց խմբապետ Վլատիմիր Սանոսեան, մինչ Միքայէլ Ղանդիլեան Արսէն Պետրոսով եւ Համլեթ Մանուկեան նշանակեցին մնացեալ կոլերը:
Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը կը շարունակէ իր մարզական հաւաքը մինչեւ այսօր, ապա կը մեկնի Քաունաս (Լիթուանիա):
Եւրոպայի ախոյեանութեան առաջին մրցումը իրար դէմ պիտի հանէ Հայաստանն ու Ուքրանիան` 22 յունուարին: 25 յունուարին Հայաստան պիտի մրցի Չեխիոյ դէմ, իսկ 28 յունուարին` Լիթուանիոյ դէմ:
Ստորեւ` ֆութսալի ազգային խումբի մարզիկներուն անունները.
ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Ալպերթ Աղաճանով, Էմին Ղարաբէկեան եւ Արթուր Մկրտչեան:
ՊԱՇՏՊԱՆՆԵՐ.- Համլեթ Մանուկեան, Միքայէլ Ղանդիլեան, Սարգիս Մարգարեան, Արթուր Մելքոնեան, Կարէն Խաթոյեւ եւ Արթուր Փաթաթեան:
ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐ.- Գարեգին Մաշումեան, Նիքիթա Խրոմիխ, Վլատիմիր Սանոսեան, Տենիս Նեւտրով, Ռաֆիկ Մելիքեան, Աղասի Եղիազարեան, Միհրան Տերմենճեան եւ Արսէն Պետրոսով:


