Մարզական

«Սերի Ա.»  Մխիթարեան Ինթերի Պատմութեան Անցաւ

«Սերի Ա.» Մխիթարեան Ինթերի Պատմութեան Անցաւ

Հայաստանի ազգային խումբի նախկին խմբապետ եւ Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ուրբաթ գիշեր Ինթեր Միլանի պատմութեան ամէնէն երէց կոլ նշանակող մարզիկներուն 5-րդ դիրքը գրաւեց` դուրս ձգելով պատմական մարզիկ Ճիուսեփէ Մէացան այդ ցանկէն: Արդարեւ, Մխիթարեան, որ 2 օր առաջ 37 տարեկան դարձած էր, Փիզայի դէմ «Սերի Ա.»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումին նշանակեց իր ակումբի 6-րդ կոլը` 93-րդ վայրկեանին հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին:...

«Պունտըսլիկա».  Պայերն Միւնիխ Վերջապէս… Պարտուեցաւ

«Պունտըսլիկա». Պայերն Միւնիխ Վերջապէս… Պարտուեցաւ

Այս տարեշրջանին Պայերն Միւնիխ «Պունտըսլիկա»-ի մէջ 16 յաղթանակ եւ 2 հաւասարութիւն արձանագրած էր, բայց շաբաթ օր Աուկսպուրկէն կրեց իր առաջին անակնկալ պարտութիւնը` 2-1 արդիւնքով: Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Միւնիխի «Ալիանց Արենա» դաշտին վրայ, իրար դէմ կը հանէր յարձակողական եւ պաշտպանողական խումբեր: Պայերն անխնայ կը յարձակէր մրցումի սկիզբէն, բայց մեծ թիւով առիթներ կորսնցուց եւ կոլ մը նշանակեց շնորհիւ ճափոնցի յետսապահ Հիրոքի...

«Փրեմիեր Լիկ».  Լիվըրփուլ 95-րդ Վայրկեանին Կոլ Ստացաւ  Եւ Պարտուեցաւ Պորնմաութէն (3-2)

«Փրեմիեր Լիկ». Լիվըրփուլ 95-րդ Վայրկեանին Կոլ Ստացաւ Եւ Պարտուեցաւ Պորնմաութէն (3-2)

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 23-րդ հանգրուանին, անցեալ տարուան ախոյեան Լիվըրփուլ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Պորնմաութէն: 26-րդ եւ 33-րդ վայրկեաններուն կոլեր ստանալէ ետք կը կարծուէր, որ Լիվըրփուլ ինքզինք գտած է 2 կոլերով պատասխանելով: Սակայն 95-րդ վայրկեանին մարոքցի Ամին Ատլի օգտուեցաւ Լիվըրփուլի մեծ քառակուսիի իրարանցումէն եւ գնդակը զետեղեց «կարմիրներուն» բերդին մէջ` մրցումի վերջին առիթին 3 կէտերը նուիրելով Պորնմաութին:  

Պէյրութ Մարաթոն.  «Ռոլինկ Հաֆ Մարաթոն»` 8 Փետրուարին

Պէյրութ Մարաթոն. «Ռոլինկ Հաֆ Մարաթոն»` 8 Փետրուարին

8 փետրուարին Պէյրութ մարաթոն միութիւնը պիտի կազմակերպէ կէս մարաթոն` «Ռոլինկ հաֆ մարաթոն» անունով, Սելաաթայէն Ժիպէյլ հասցնող ծովեզերեայ ճամբուն վրայ: Երրորդ «Ռոլինկ հաֆ մարաթոն» մրցումին պիտի մասնակցին արաբական երկիրներէ եւ միջազգային աթլեթներ, որոնց արձանագրութիւններու թիւերը այժմէն կը խոստանան ըլլալ հետաքրքրական: Արձանագրութիւնները կը շարունակուին մինչեւ 1 փետրուար, www.beirutmarathon.org կայքին վրայ: Այս տարուան մրցումին պիտի մասնակցին մօտ 105 օտար աթլեթներ 18 տարբեր երկիրներէ:...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ազուր – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Պասքեթպոլ. Այսօր` Ազուր – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Այսօր յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, «Նոթըր Տամ» Լուէյզէի դպրոցի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 4-րդ շաբթուան իր մրցումին պիտի մրցի Ազուրի դէմ: Ազուր, որ կը նկատուի ախոյեանութեան նոր խումբերէն, անցեալ տարի իր առաջին ելոյթը ունեցած էր աղջկանց ախոյեանութեան եւ սկիզբէն լաւ խումբ պատրաստած էր` հասնելով կիսաւարտական: Անցեալ տարեշրջանին ՀՄԸՄ Անթիլիաս կրցած էր կիսաւարտականին մեծ դժուարութեամբ յաղթել Ազուրին եւ այսօր...

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` Հորր Ամելի – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Հորր Ամելի – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Այսօր, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, Մաշշարայի դաշտին վրայ, Լիբանանի Գ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը շատ կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Հորր Ամելի խումբին դէմ: Պեքայի ակումբը ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի նման 10 կէտեր ունի եւ լուրջ մրցակից կը նկատուի, եւ մեր տղաքը պէտք է անցեալ շաբթուան նման ներդաշնակ եւ լաւ կազմակերպուած ֆութպոլ ցուցաբերեն` 3...

Ֆութսալի Եուրօ.  Հայաստան Պատմական  Յաղթանակով Սկսաւ Եուրոն

Ֆութսալի Եուրօ. Հայաստան Պատմական Յաղթանակով Սկսաւ Եուրոն

Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը շատ լաւ եւ պատմական յաղթանակով սկսաւ 2026-ի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը (Եուրոն)` պարտութեան մատնելով Աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Ուքրանիան 2-1 արդիւնքով: Առաջին հանգրուանի իր առաջին մրցումին, Ռուբէն Նազարէթեանի գլխաւորած խումբը կոլ ստանալէ ետք առաջին կիսախաղին, Բ. կիսախաղին կրցաւ 2 կոլ նշանակել` շրջելով մրցումին ընթացքը: Մրցումին հաշիւը բացաւ ուքրանացի Վլատիսլաւ Պերվէեւ, որ դիպուկ հարուածով գրաւեց Ալպերթ Աղաջանովի բերդը: Հայաստանի...

Ըմբշամարտ.  Վազգէն Թեւանեան Իր Երկրորդ Յաղթանակը Արձանագրեց Հնդկաստանի Մէջ

Ըմբշամարտ. Վազգէն Թեւանեան Իր Երկրորդ Յաղթանակը Արձանագրեց Հնդկաստանի Մէջ

Հայ ըմբիշ Վազգէն Թեւանեան իր երկրորդ յաղթանակը տարաւ Հնդկաստանի «Փրօ Ռեսլինկ լիկ»-ի (արհեստավարժ ըմբշամարտի ախոյեանութեան) մրցումներուն: Հնդկաստանի Նոյտա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ախոյեանութեան, «Ափ Տոմինէյթըրզ» խումբին դէմ մենամարտին, «Մահարաշթրա Քեսարի» խումբի ըմբիշ Թեւանեան 4-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վիշալ Քալի Ռամանանին` իր խումբին օգնելով, որ 5-4 արդիւնքով յաղթէ: «Ափ Տոմինէյթըրզ»-ի մարզիկ Արման Անդրէասեան այս ճակատումներուն չմասնակցեցաւ: Նշենք, որ Թեւանեան առաջին հանգրուանին...

«Էն. Պի. Էյ.»  Քլիփըրզ Յաղթեց Լոս Անճելըսի «Տերպի»-ին

«Էն. Պի. Էյ.» Քլիփըրզ Յաղթեց Լոս Անճելըսի «Տերպի»-ին

Լոս Անճելըս Քլիփըրզի աստղերէն Քուայ Լենըրտ վերադարձաւ` օգնելով, որ Քլիփըրզ յաղթէ Լէյքըրզին` «տաք» 4-րդ մասի սուր պայքարին: Լենըրտ 24 կէտեր նշանակեց իր ասպարէզի մրցանիշը բարելաւելով` իր կատարած 23-րդ յաջորդական մրցումին 20-է աւելի կէտեր նշանակելով: Քլիփըրզ իր վերջին 8 մրցումներէն 7-ն շահեցաւ` ձախող ձեւով սկսելէ ետք այս տարեշրջանը: Լըպրոն Ճէյմս 4 կէտ նշանակեց, իսկ Լուքա Տոնչիչ 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց,...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պայքարի Ոգիով Յաղթեց Անթունիէին`  95-91 Արդիւնքով

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պայքարի Ոգիով Յաղթեց Անթունիէին` 95-91 Արդիւնքով

Երէկ, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Անթունիէի դաշտին վրայ` 95-91 արդիւնքով: ՀՄԸՄ բաւական լաւ սկսաւ մրցումը եւ 8 կէտերու առաւելութեամբ աւարտեց առաջին մասը: Կը կարծուէր, որ ՀՄԸՄ յաղթանակը ապահոված էր, սակայն Անթունիէ Բ. մասին կարծէք սթափեցաւ, մինչ ՀՄԸՄ հակառակը` գինովցաւ կանուխ յաղթանակով: Այս մասին ՀՄԸՄ միայն 7 կէտեր նշանակեց Անթունիէի 18-ին դիմաց: 3-րդ մասին Անթունիէ շատ...

Մխիթարեանի Ծննդեան 37-րդ Տարեդարձը

Մխիթարեանի Ծննդեան 37-րդ Տարեդարձը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ, Իտալիոյ Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան նշեց իր 37-րդ տարեդարձը: Մխիթարեան ֆութպոլիստի իր ասպարէզը սկսած էր Երեւանի Փիւնիկին հետ, ապա մաս կազմած էր ուքրանական Մեթալուրկ, Շախթիոր Տոնեցք, Գերմանիոյ Տորթմունտ, Անգլիոյ Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Արսենալ, իտալական Ռոմա եւ այժմ Ինթեր Միլան խումբերուն: Մխիթարեան Հայաստանի ազգային խումբի լաւագոյն ռմբարկուն էր, ան 12 անգամ դարձած է Հայաստանի...

Ճատրակ.  Պետրոսեան Եւ Մկրտչեան`  Հայաստանի Ախոյեաններ

Ճատրակ. Պետրոսեան Եւ Մկրտչեան` Հայաստանի Ախոյեաններ

Հայաստանի ճատրակի 2026-ի ախոյեանութեան աւարտին, Մանուէլ Պետրոսեան դարձաւ տղոց ախոյեան, իսկ Անահիտ Մկրտչեան` աղջկանց ախոյեան: Պետրոսեան 9 կարելի կէտերէն 6-ը կրցաւ շահիլ, մինչ Արթուր Դաւթեան, Զաւէն Անդրէասեան եւ Արամ Յակոբեան վաստկեցան 5,5 կէտեր: Լաւագոյն եռեակը եզրափակեց մեծ վարպետ Զաւէն Անդրէասեան: Աղջկանց ախոյեանութեան Մկրտչեան 6,5 կէտ ձեռք ձգեց, մինչ արծաթէ մետալակիր դարձաւ ՖԻՏԷ-ի վարպետ Աստղիկ Յակոբեան` 6 կէտով: Սոնա Կրկեաշարեան, Անի...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Լիվըրփուլ Եւ Պայերն Միւնիխ Դիւրին,  Իսկ Պարսելոնա Դժուար Յաղթանակներ Արձանագրեցին

«Չեմփիընզ Լիկ». Լիվըրփուլ Եւ Պայերն Միւնիխ Դիւրին, Իսկ Պարսելոնա Դժուար Յաղթանակներ Արձանագրեցին

«Չեմփիընզ լիկ»-ի առաջին հանգրուանի 7-րդ եւ նախավերջին շաբթուան մրցումներու երկրորդ օրուան խաղերուն, Լիվըրփուլ 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Մարսէյի դաշտէն, Պայերն Միւնիխ 2-0 արդիւնքով «բնական» յաղթանակ արձանագրեց պելճիքացի Սենթ Ժիլուազ ակումբին դէմ, մինչ Պարսելոնա 1-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք Սլաւիա Փրակայի դաշտին վրայ միայն վերջին 27 վայրկեաններուն կրցաւ յաղթել Չեխիոյ մէջ: Լիվըրփուլ մրցումի սկիզբէն լուրջ յարձակումներով ճնշեց Մարսէյի «Վելոտրոմ» դաշտին վրայ...

Թենիս.  Ճոքովիչ Իր 399-րդ Մրցումը Շահեցաւ Կրան Շլեմի Մրցաշարքերու Գծով

Թենիս. Ճոքովիչ Իր 399-րդ Մրցումը Շահեցաւ Կրան Շլեմի Մրցաշարքերու Գծով

Վեթերան թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ (38 տարեկան) իր ասպարէզի 399-րդ կրան շլեմի մրցումը յաղթեց (մրցանիշ)` 6-3, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Ֆրանչեսքօ Մայսթրելլին, Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքի Գ. հանգրուանին: 24 անգամ կրան շլեմի մրցաշարքերու տիտղոսակիր (մրցանիշ) սերպ թենիսմենը պիտի դառնայ թենիսի առաջին մարզիկը (տղոց եւ աղջկանց), որ 400 մրցումի կը հասնի, եթէ անշուշտ յաղթէ Նետերլանտներու Պոթիք Վան Տէ Զանտսխուլփին: Աղջկանց...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Անթունիէ ՀՄԸՄ

Պասքեթպոլ. Այսօր` Անթունիէ ՀՄԸՄ

Այսօր երեկոյեան ժամը 16:45-ին, Անթունիէ դպրոցի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ շատ կարեւոր մրցում պիտի ունենայ Անթունիէ խումբին դէմ: Երթին ՀՄԸՄ 113-107 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Անթունիէն, բայց այդ մրցումէն ետք շատ բաներ փոխուեցան, եւ ՀՄԸՄ նոյն ձեւի պասքեթպոլ չի կրնար խաղալ, մինչ Անթունիէ իր վերջին 5 մրցումներուն անյաղթ է: ՀՄԸՄ, որմէ կը բացակայի Ահմետ Իպրահիմ, պէտք է ձեւը գտնէ աւելի հանգիստ...

Սարգսեան Հրաժարեցաւ «Ազրպէյճան» Գրութեան Շուրջ Ստեղծուած Հարցին Պատճառով

Սարգսեան Հրաժարեցաւ «Ազրպէյճան» Գրութեան Շուրջ Ստեղծուած Հարցին Պատճառով

Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Գագիկ Սարգսեան իր հրաժարականը ներկայացուց դիմատետրի իր էջին վրայ: Սարգսեանի համաձայն, այդ որոշումը այդքան ալ դիւրին չէր, բայց միեւնոյն ժամանակ անխուսափելի էր: Հիմնական պատճառը այդ էր,  որ աշխատանքային նպաստաւոր միջավայր չկար երկրին մէջ դահուկարշաւի զարգացման համար: Անկարելի էր զարգացնել այս մարզաձեւը վստահելով ֆետերասիոնին եւ  անոր ղեկավարի ջանքերուն: Սարգսեան մեղադրած էր Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան...

«Էն.Պի.Էյ.»  Քլիփըրզի Անակնկալ Պարտութիւնը

«Էն.Պի.Էյ.» Քլիփըրզի Անակնկալ Պարտութիւնը

Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, որ իր վերջին 15 մրցումներուն 12-ը` յաղթած էր, երէկ անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Շիքակօ Պուլզի դաշտին վրայ` 138-110 արդիւնքով: Յաջորդաբար 3-րդ մրցումին կը բացակայէր Քուայ Լենըրտ, որ ընտրուած էր «Օլ Սթար»-ի մրցումին մասնակցելու 7-րդ անգամ ըլլալով: Պէտք է ըսել, որ Բ. մասին է, որ Շիքակօ Պուլզ ապահովեց իր յաղթանակը` 45 կէտ նշանակելով եւ ստանալով միայն 19 կէտ,...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Մանչեսթըր Սիթի Անակնկալ Պարտութիւններ Կրեցին

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Մանչեսթըր Սիթի Անակնկալ Պարտութիւններ Կրեցին

Անցեալ տարուան «Եու.Է.Էֆ.Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր» Փարիզ Սեն Ժերմեն երեքշաբթի գիշեր Լիզպոնի մէջ 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն կրեց Սփորթինկ Լիզպոնէն, արդիւնք մը, որուն պատճառով Փարիզի կազմը վտանգեց իր դիրքը ուղղակիօրէն հասնելու 1/8-րդ հանգրուան: Օրուան հերոսն էր քոլոմպիացի յառաջապահ Լուիս Սուարես, որ նշանակեց Սփորթինկի երկու կոլերը 74-րդ եւ 90-րդ վայրկեաններուն: Վրացի Քվիչա Քվարացխելիս 79-րդ վայրկեանին նշանակած էր ֆրանսական ակումբի կոլը: Խումբէն...

Կերի Չիւիչեան Պիտի Պատուուի

Կերի Չիւիչեան Պիտի Պատուուի

7 ապրիլին ամերիկահայ արհեստավարժ պասքեթպոլիստ Կերի Չիւիչեան պիտի պատուուի Լոս Անճելըս Քլիփըրզի «Ինթուիթ Տոմ» մարզադաշտին վրայ, «Հայկական ժառանգութեան երեկոյ»-ի ընթացքին, 20 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան եւ ուղղակիօրէն ազգային պատկերասփիւռի կայանէն: Չիւիչեանը պատուելու հանդէսը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ - Տալաս Մեւրիքս մրցումէն առաջ, ուր պիտի նշուին անոր իրագործումները, իբրեւ առաջին հայը` «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ: 1,93 մեթր Կերի Չիւիչեան,...

Ըմբշամարտ.  Թեւանեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի  Իր Մրցակիցին

Ըմբշամարտ. Թեւանեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

Հայ ազատ ոճի ըմբիշ Վազգէն Թեւանեան Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցող 2026-ի «Փրօ Ռեսլինկ լիկ»-ի մրցումներու գծով կարեւոր մրցում մը ունէր Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր (65 քկ կշիռի) Ալի Ռահիմզատէի (Ազրպէյճան) դէմ, որ մաս կը կազմէ «Թայկըրզ օֆ Մոմպէյ Տանկալզ» խումբին: Թեւանեան 5-2 արդիւնքով յաղթեց: Գօտեմարտի արդիւնքը վերջին երկվայրկեաններուն վճռուեցաւ: 1-1 արդիւնքով հաւասարութեան ժամանակ, Թեւանեան կէտ մը կորսնցուց եւ կը գտնուէր պարտութեան...

Page 65 of 1275 1 … 64 65 66 … 1,275

Արխիւներ