Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կերի Չիւիչեան Պիտի Պատուուի

January 21, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7 ապրիլին ամերիկահայ արհեստավարժ պասքեթպոլիստ Կերի Չիւիչեան պիտի պատուուի Լոս Անճելըս Քլիփըրզի «Ինթուիթ Տոմ» մարզադաշտին վրայ, «Հայկական ժառանգութեան երեկոյ»-ի ընթացքին, 20 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան եւ ուղղակիօրէն ազգային պատկերասփիւռի կայանէն: Չիւիչեանը պատուելու հանդէսը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Տալաս Մեւրիքս մրցումէն առաջ, ուր պիտի նշուին անոր իրագործումները, իբրեւ առաջին հայը` «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ:

1,93 մեթր Կերի Չիւիչեան, որ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբի մարզիկներէն մէկն է 2023-էն ի վեր, առաջին դասակարգի համալսարանի պասքեթպոլ խաղցած է Այտահոյի նահանգի համալսարանի խումբին հետ, ապա մաս կազմած է «Փասիֆիք» համալսարանին, որուն խումբը կը մարզէր «Էն. Պի. Էյ.»-ի նախկին աստղերէն Տէյմըն Սթոտըմայըր:

«Ինչ որ իրագործեցի աւելի մեծ է իմ պատմութենէս: Այս օրը կը պատկանի մեր համայնքին եւ բոլոր պատանիներուն, որոնք կը դիտեն եւ պիտի դիտեն` երազելով, թէ ամէն ինչ կարելի է: Ազդանշան մը յաջորդ սերունդին, թէ կրնան աւելի լաւ ալ ըլլալ: Ճամբան այժմ բաց է», ըսաւ Կերի Չիւիչեան վերջերս` զրոյցի մը ընթացքին:

Համալսարանի մակարդակով 29 տարեկան Չիւիչեանի կենսագրականը տպաւորիչ է: Ան տարուան երկրորդ լաւագոյն նորեկ մարզիկը ընտրուեցաւ 2015-2016 տարեշրջանին եւ համալսարանի պատմութեան 4-րդ լաւագոյն 3 կէտ նշանակած մարզիկը դարձաւ:

Կերի Չիւիչեան միջազգային մրցաշարքերու ալ մասնակցած է Լիբանանի ՀՄԸՄ-ին հետ, այդ շրջագիծին մէջ ան Տուպայի միջազգային մրցաշարքին (2024-ին) մէկ մրցումի ընթացքին կրցաւ նշանակել 8 յաջող 3 կէտնոց կողովներ:

Անոր նուաճումներուն մաս կը կազմեն հետեւեալները. «Էն. Պի. Էյ.»-ի առաջին հայ մարզիկը, որ ունեցած է «Էն. Պի. Էյ.»-ի մէջ խաղալու իրաւունք, միակ հայ մարզիկը, որուն տարազը կը վաճառուի «Էն. Պի. Էյ.»-ի կրպակին մէջ, ամբողջ տարեշրջան մը Լոս Անճելըս Քլիփըրզի Ճի Լիկի ախոյեանութեան, 10 օրուան համար մասնակցած է Սաքրամենթօ Քինկզի հետ, 2025-ի ամառնային մրցաշարքին մաս կազմած է Միլուոքի Պաքսին, ինչպէս նաեւ մասնակցած է «Էն. Պի. Էյ.»-ի 5 տարբեր խումբերու փորձերուն:

Հայկական «սնայփըր»-ը (նշանառու) հազարաւոր հանդիսատեսներու ներկայութեան պիտի ստանայ մասնաւոր ճանաչում իր նշանակալից ազդեցութեան «Հայկական ժառանգութեան երեկոյ»-ին, որ զինք պիտի հռչակէ ամէնէն փայլուն հայ պասքեթպոլիստներէն մէկը:

 

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Թեւանեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

Յաջորդը

Հակադարձելով Եւրոպական Խորհրդարանի Դիրքորոշումներուն` Ալիեւ. «Հայաստան Ինք Կը Կարեւորէ Ազրպէյճանի Հետ Յարաբերութիւնները»

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.