Այսօր ժամը 14:15-ին, Անսար գիւղի «Իմամ Մուսա Սատըր» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Լիբանանի Գ. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան իր 6-րդ մրցումը պիտի կատարէ Ահլի Սայտայի դէմ:
Շատ կարեւոր մրցում մըն է այս, եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոցմէ կը սպասուի տալ լաւագոյնը` նոր մարզիչ Էնտրա Օքլիի հետ, որ քանի մը օր առաջ միացած էր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի, որ խզած էր իր պայմանագրութիւնը նախկին մարզիչ Իպրահիմ Խէյրէտտինի հետ` շարք մը անյաջող արդիւնքներէ ետք:
Տակաւին 5 մրցում կատարած է ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` ձեռք ձգելով 2 յաղթանակ, 1 հաւասարութիւն եւ 2 պարտութիւն, եւ առաջին դիրքը գրաւող Ղատ Աֆտալէն 4 կէտով միայն ետ կը մնայ: Այսօրուան մեր մրցակիցը Բ. դիրքը կը գրաւէ 10 կէտերով, եւ յաղթանակ մը անոր դէմ պիտի հաւասարեցնէ կէտերը: Տակաւին 9 մրցումներ կան, եւ ամէն մրցումի տղաքը պէտք է տան իրենց առաւելագոյնը` անշուշտ համակիրներու քաջալերութեամբ հասնելու համար շատ աւելի բարձր դիրքերու:


