Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սենեկալ Ափրիկէի Ախոյեան

January 20, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի գիշեր Ռապաթի (Մարոք) մէջ տեղի ունեցաւ Ափրիկէի ազգերու ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին Սենեկալ անակնկալի բերաւ հիւրընկալ կազմը եւ յաղթեց անոր 1-0 արդիւնքով:

Մրցումը շատ վիճելի պահեր ունեցաւ եւ բաւական երկարեցաւ: Առաջին կիսախաղին Սենեկալ աւելի վտանգներ ստեղծեց, բայց որեւէ խումբ չկրցաւ կոլ նշանակել: Բ. կիսախաղին Սենեկալ գնդակին վրայ շատ աւելի իշխեց, բայց Մարոք շատ աւելի վտանգաւոր առիթներ ունեցաւ: Մրցումէն առաջ ստեղծուած մթնոլորտը արդէն որոշ ճնշումի տակ դրած էր Մարոքը, որուն մարզադաշտին մէջ, որ 69 հազար հինգ հարիւր համակիրներ կը հիւրընկալէ, 3000-էն նուազ տոմսեր յստակացուած էին սենեկալցիներուն:

Մրցումի 90 վայրկեաններէն ետք տեղի ունեցան վիճելի շատ մը դէպքեր:

93-րդ վայրկեանին Ապտուլայ Սեք նշանակեց կոլ մը ի նպաստ Սենեկալի, բայց քոնկոցի իրաւարար Ժան-Ժաք Նկամփօ Նտալա ֆաուլ սուլեց անոր դէմ` առարկելով, որ ան Աշրաֆ Հաքիմիի դէմ ֆաուլ կատարած էր: Այս արագ սուլիչը ՎԱՐ-ին զրկեց միջամտելու իրաւունքէն:

98-րդ վայրկեանին իրաւարարը մրցումը ընդհատեց, երբ ՎԱՐ-ի իրաւարարները զինք «հրաւիրեցին» դաշտի կեդրոն` վայրկեան մը առաջ տեղի ունեցած դէպքի մը վերատեսութեան համար: Ան դիտելէ ետք այդ դէպքը փենալթի մը շնորհեց ի նպաստ Մարոքի, որուն դէմ բուռն կերպով գանգատեցան սենեկալցի ֆութպոլիստներն ու մարզիչը:

Սենեկալի մարզիչը դուրս կանչեց իր մարզիկները, որոնք իբրեւ բողոք մեկնեցան հանդերձարան: Մրցումը անշուշտ ընդհատուեցաւ: Օրուան «փրկիչ»-ը եղաւ Լիվըրփուլի եւ Պայերն Միւնիխի նախկին յառաջապահ Սատիօ Մանէ, որ ոչ միայն մնաց դաշտին վրայ, այլ համոզեց բոլորին, որ վերադառնան եւ շարունակեն մրցումը: Մօտ 12 վայրկեան ետք մրցումը շարունակուեցաւ, եւ Սենեկալէն դեղին քարտ ստացաւ բերդապահ Էտուարտ Մենտի, որ վստահ կոշտ խօսքեր արտասանեց իրաւարարին «կակուղ» փենալթի մը շնորհելուն համար:

Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Պրահիմ Տիաս փենալթին փորձեց «Փանենքա»-ի ձեւով նշանակել պզտիկ լոպ մը կատարելով, բայց Մենտի շատ դիւրութեամբ զսպեց զայն:

Սենեկալցիներուն վրայ «կեանք» եկաւ եւ երկարաձգման անցան: Երկարաձգումէն հազիւ 4 վայրկեան անցած Վիարէալի միջնապահ Փափէ Կէօյ քանի մը մարզիկ խաղի բերելէ ետք Մարոքի  մեծ քառակուսի չհասած ռմբային անզսպելի հարուածով գրաւեց Եասին Պոնոյի բերդը: 10 վայրկեան ետք Մարոք առիթ ունէր հաւասարելու, բայց Նըսէյրիի գլխու հարուածը քիչ մը շեղեցաւ իր նպատակէն: 108-րդ վայրկեանին Նայեֆ Ակուերտի գլխու հարուածը զսպեց… Սենեկալի բերդի ձողը: 111-րդ վայրկեանին Շերիֆ Էնտիայ երկու անգամ չկրցաւ նշանակել Սենեկալի երկրորդ կոլը, երբ Պոնօ զսպեց անոր առաջին հարուածը, իսկ երկրորդը բերդին ձախ սիւնին քովէն դուրս ելաւ:

115-րդ վայրկեանին Կէօյ անգամ մը եւս ռմբային հարուած ղրկեց դէպի Մարոքի բերդ, բայց այս անգամ Պոնօ արթուն էր եւ զսպեց զայն:

Ի վերջոյ մրցումը վերջ գտաւ Սենեկալի յաղթանակով եւ 2021-էն ետք երկրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ Ափրիկէի ախոյեան: Մարոք ոսկի առիթ մը կորսնցուց պատմութեան իր 2-րդ տիտղոսը շահելու առումով (1972-ին շահած էր նախապէս), եւ այժմ պիտի փորձէ յաջորդ տիտղոսին համար պայքարիլ:

Նշենք, որ 3-րդ դիրքի մրցումին, Եգիպտոս փենալթիներով պարտութիւն կրած էր Նիկերիայէն, ուր «Փրեմիեր լիկ»-ի եգիպտացի աստղեր Մոհամետ Սալահ եւ Օմար Մարմուշ ձախողած էին նշանակել իրենց վճռական փենալթիները: Մրցումը աւարտած էր 0-0 արդիւնքով:

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քեւըն Տիւրենթ Կը Շարունակէ Բարձրանալ

Յաջորդը

Նշմար. Ճիշդ Պահը Եւ Ճիշդ Որոշումը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի

February 14, 2026
Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` Իժթիմահի-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ
Մարզական

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` Իժթիմահի-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

February 14, 2026
Ուասլ.  Ռիատի Եւ Սաժես Յաղթեցին
Մարզական

Ուասլ. Ռիատի Եւ Սաժես Յաղթեցին

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.