Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Քեւըն Տիւրենթ Կը Շարունակէ Բարձրանալ

January 20, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի երէկուան մրցումներուն, Քեւըն Տիւրենթ, որ օրեր առաջ գրաւած էր պատմութեան առաւելագոյն կէտեր նշանակողներու 7-րդ դիրքը, կրցաւ 6-րդ դիրքին հասնիլ` գերազանցելով գերմանացի Տըրք Նովեթցքին: Տիւրենթ Հիուսթըն Ռոքեթցի հետ 18 կէտ նշանակեց` օգնելով, որ խումբը 119-110 արդիւնքով յաղթէ Նիւ Օրլինզ Փելիքընզին:

15 անգամ «Օլ Սթար»-ի մրցումի մասնակցած Տիւրենթ այժմ 31.562 կէտ ունի` 2 կէտերով գերազանցելով Նովեթցքիին, եւ իրմէ վեր` 5-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Մայքըլ Ճորտըն` 32.292 կէտով:

«Այդ դիրքին հասայ Տըրքի հետ, անձ մը, որ ինծի համար օրինակ էր, պաշտելի մարզիկ եւ մրցակից: Լաւ ճակատումներ ունեցած ենք: Ան միշտ կը քաջալերէր իմ խաղաձեւս եւ խաղաոճս: Գիտէք, այդպիսի պատմական խաղցողի մօտ ըլլալը շատ բան ըսել է: Աներեւակայելի է Մայքըլ Ճորտընի հասնիլը նոյնիսկ», ըսաւ Տիւրենթ` աւելցնելով. «Կ՛ուզեմ շարունակել եւ բարձրանալ դասաւորման մէջ, նայինք ո՛ւր կրնամ հասնիլ»: Տիւրենթի խմբակից Ճապարի Սմիթ, որ 32 կէտ նշանակեց, ըսաւ. «Ան ամէն դասաւորման մէջ կը գերազանցէ մրցակիցները հանգիստ ձեւով: Շատ պարզ եւ սահուն ձեւով կը յառաջանայ: Մրցանիշներ կ՛արձանագրէ եւ այդպէս մը կը վարուի, որ կարծէք բան մը չէ: Ան չի տօնէր եւ մրցանիշներ արձանագրելու համար չի խաղար ուրիշներու համար: Ան իր բնական խաղը կը խաղայ: Ան փաստ եւ օրինակ մըն է, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ըլլայ պասքեթպոլի մարզիկ մը»:

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 110-93 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թորոնթօ Ռեփթըրզը, Լուքա Տոնչիչի եւ Լըպրոն Ճէյմսի հետ: Տէանտրէ Այթոն 25 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Լէյքըրզի, մինչ Տոնչիչ 25 կէտ եւ Լըպրոն 24 կէտ աւելցուցին:

Ճա Մըրենթ վերադարձաւ Մեմֆիս Կրիզլիզ, որ 126-109 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Օրլանտօ Մեճիքը: Մըրենթ 24 կէտ եւ 13 էսիսթ կատարեց 28 վայրկեաններու ընթացքին, մինչ նիւթեր շրջան կ՛ընեն, թէ ան կրնայ միանալ Մայեմի Հիթին:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Շիքակօ Պուլզ – Պրուքլին Նեթց 124-102
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Օրլանտօ Մեճիք 126-109
Հիուսթըն Ռոքեթց – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 119-110
Տենվըր Նակեթց – Չարլոթ Հորնեթց 87-110
Սաքրամենթօ Քինկզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 110-117
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 110-93

 

 

Նախորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ինթեր Միլան – Արսենալ

Յաջորդը

Սենեկալ Ափրիկէի Ախոյեան

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի

February 14, 2026
Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` Իժթիմահի-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ
Մարզական

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` Իժթիմահի-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

February 14, 2026
Ուասլ.  Ռիատի Եւ Սաժես Յաղթեցին
Մարզական

Ուասլ. Ռիատի Եւ Սաժես Յաղթեցին

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.