Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Սփորթինկ Պքեննայա` 77-55

January 19, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը շաբաթ օր Մըզհերի մէջ կատարեց տարեշրջանի իր 3-րդ մրցումը եւ առանց մասնաւոր դժուարութեան պարտութեան մատնեց Սփորթինկ Պքեննայան` 77-55 արդիւնքով:

Յաջորդաբար իր 3-րդ մրցումին, ՀՄԸՄ իր մրցակիցին առիթ չտուաւ 60 կէտերու հասնելու, եւ միեւնոյն ժամանակ յարձակումներուն վրայ իշխելով կրցաւ արձանագրել իր 3-րդ յաղթանակը:

Առաջին մասին 20-16 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, ՀՄԸՄ-ի աղջիկները պահեցին եւ շարունակեցին աւելցնել իրենց առաւելութիւնը խումբի մը դէմ, որ մեծ մասամբ վստահած էր օտար մարզիկներուն: ՀՄԸՄ Անթիլիասի ուժն է իր լիբանանցի եւ օտար մարզիկներու բարձր մակարդակը, ուր Մեղրի Թորոսեան, Փերլա Պու Նասր, Ռիմ Ղալի, Կապի Սաատ եւ անշուշտ Տանիելլա Ֆայյատ (որ բացակայ էր այս մրցումէն) մեծ մասամբ կ՛օգնեն օտարներ Էնճըլ Պէյքըրին եւ Լատաժիա Ուիլիամսին` հանգիստ յաղթանակներ արձանագրելու:

Մրցումին լաւագոյն մարզիկն էր Փերլա, որ 12 կէտերու կողքին 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` կատարելով 2 սթիլ, մինչ Պէյքըր իր կարգին տապըլ տապըլ ձեռք ձգեց` 20 կէտ ձեռք ձգելով եւ 10 էսիսթ կատարելով: Ուիլիամս 17 կէտ նշանակեց, մինչ Մեղրի 13 կէտ ձեռք ձգեց 3 յաջող 3 կէտնոց կողովներով: Կապի Սաատ 6 կէտ, 5 էսիսթ եւ 3 սթիլ կատարեց պահեստի իր պաշտօնէն:

Այս մրցումին մասնակցեցան նաեւ Էլիսա Ապու Ժաուտէ եւ Թալա Շամմաս:

Յառաջիկայ շաբաթ օր ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի կատարէ այս տարեշրջանի առաջին լուրջ մրցումը անցեալ տարուան կիսաւարտականի հասած Ազուր խումբին դէմ, որ իր առաջին մրցումին յաղթած էր Մըթայլեպին (89-59), իսկ այսօր պիտի մրցի Պէյրութի դէմ: ՀՄԸՄ Անթիլիասի նախկին մարզիկներ Փաթիլ Ասատուրեան եւ Եաշա Զէյնուն մաս կը կազմեն Ազուրին:

Նախորդը

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-1 Արդիւնքով Յաղթեց Ահլի Սայտային

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-1 Արդիւնքով Յաղթեց Ահլի Սայտային
Մարզական

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-1 Արդիւնքով Յաղթեց Ահլի Սայտային

January 19, 2026
«Էն. Պի. Էյ.»  Էտուըրտծ 55 Կէտ Նշանակեց, Բայց Մինեսոթա Պարտուեցաւ
Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Էտուըրտծ 55 Կէտ Նշանակեց, Բայց Մինեսոթա Պարտուեցաւ

January 19, 2026
«Պունտեսլիկա».  Պայերն Միւնիխ «Պատժեց» Լայփցիկը (1-5)
Մարզական

«Պունտեսլիկա». Պայերն Միւնիխ «Պատժեց» Լայփցիկը (1-5)

January 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.