Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-1 Արդիւնքով Յաղթեց Ահլի Սայտային

January 19, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը աւելի եւս հետաքրքրական կը դառնայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի համար, մանաւանդ որ իր նոր մարզիչին հետ կրցաւ 4-1 արդիւնքով լայն յաղթանակով վերադառնալ Ահլի Սայտայի դէմ մրցումէն:

Ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի աւստրալիացի մարզիկը տարբեր կազմով դաշտ ներկայացած էր, ուր Տիգրան «Տիգօ» Վարդան աջ ծայրի պաշտպանի դիրքի վրայ խաղցաւ, մինչ Միկել Խանճեան խաղցաւ ձախ ծայրի պաշտպան դիրքին վրայ: Սուլէյման Աքիլ եւ Մոհամետ Քասեմ` կեդրոնի պաշտպանի դիրքին վրայ:

Մրցումը սկսաւ, եւ Ահլի Սայտա, որ միայն 4 կոլ ստացած էր իր նախկին 5 մրցումներուն, յստակօրէն պաշտպանողական ձեւով կը խաղար: ՀՄԸՄ իր կարգին աւելի հաշիւով կը խաղար եւ փոքր փոխանցումներով կը յառաջանար, բան մը, որ անցեալ խաղերուն չէր պատահեր: Նախապէս ՀՄԸՄ-ի տղաքը միշտ ալ երկար փոխանցումներով կը խաղային, ուր անոնք իրար կը յոգնեցնէին շատ անգամ աւելորդ սփրինթներով:

Խմբային գեղեցիկ խաղով տղաքը աւելի հանգիստ խաղցան, եւ 12-րդ վայրկեանին գնդակը հասաւ աջ ծայր` Սերժ Օսքեանին, որ քառակուսիին ծայրէն եւ նեղ անկիւնէ մը անզսպելի հարուածով շատ գեղեցիկ կոլ մը նշանակեց:

Այս կոլէն ետք ՀՄԸՄ աւելի հանգիստ եւ ինքնավստահ խաղցաւ, բայց մրցումը կը հասնէր կիսախաղ, եւ արդիւնքը տակաւին 1-0 էր:

Դաշտի կեդրոնէն քիչ առաջ Սերժ ազատ հարուած ունէր: Ան օդէն երկար փոխանցում տուաւ դէպի մեծ քառակուսի, ուր վեթերան կոլ-սքորըր Ուասիմ Ապտել Հատի գլխու գեղեցիկ հարուածով նշանակեց ՀՄԸՄ-ի երկրորդ կոլը:

Սայտայի Ահլին կորսուած վիճակ ունէր: Հազիւ քանի մը փոխանցումներ կատարած ՀՄԸՄ-ի տղաքը լաւ ձեւով ճնշեցին դաշտին կեդրոնէն, բան մը, որ ստիպեց մրցակից մարզիկները, որ սխալ գործեն: Գնդակը հասաւ Ուասիմ Հատիի, որ նկատեց, որ մրցակից բերդապահը յառաջացած է, եւ գեղեցիկ լոպ մը տուաւ անոր գլխուն վրայէն` նշանակելով 3-րդ կոլը: Ասիկա Ուասիմի 8-րդ կոլն էր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի շապիկով, եւ ան գրաւեց կոլ-սքորըրներու պարագլուխի դիրքը:

Բ. կիսախաղին, հազիւ 2 վայրկեան անցած, Ահլի Սայտա կոլ մը նշանակեց, բայց իրաւարարը օֆ-սայտի դրօշը բարձրացուց: Այս կոլը տղոց զգուշացումի առիթ տուաւ, եւ անոնք աւելի լաւ ձեւով կրցան դաշտի կեդրոնը պաշտպանել: 56-րդ վայրկեանին ձախէն յարձակում մը արագ ձեւով հասաւ Ուասիմին, որ աջ փոխանցեց արագաշարժ Ալի Ֆահսին, որ գնդակը զետեղեց Սայտայի բերդին մէջ:

Այս կոլէն ետք ՀՄԸՄ-ի տղաքը ինքնաբերաբար պիտի փորձէին զսպել Սայտայի մարզիկները, որոնք յարձակումի անցան:

Դաշտ ներկայացան Քարլոս Թոմաս, եւ աւելի ուշ` Էլիաս Համուշ, Ատնան Շամի, Ալեք Ալճեան եւ Իպրահիմ Մուսաուի, անշուշտ փոխարինելով յոգնած տղաքը, եւ անոնք կրցան բաւական լաւ խաղարկութիւն ցուցաբերել: Ատնան մինչեւ իսկ կոլի առիթ ալ ունէր` հազիւ դաշտ ներկայացած:

75-րդ վայրկեանին Սայտայի կազմը իր միակ կոլը նշանակեց: Շատ կարեւոր էր այս յաղթանակը, եւ նոր մարզիչին ներկայութիւնը յստակօրէն լաւ մթնոլորտ ստեղծած էր, ուր մարզիկները, որոնք ընդհանրապէս պրկուած կը խաղային, շատ հանգիստ խաղցան, հոգ չէ թէ մրցակից Ահլի Սայտան 2-րդ դիրքի վրայ էր: Այս յաղթանակով ՀՄԸՄ բարձրացաւ 3-րդ դիրք` նկատի ունենալով, որ այս հանգրուանին Ղատ Աֆտալ խումբը 3-2 արդիւնքով յաղթած էր Հորր Ամելիին, Իժթիմահի 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Ժալիլ Քանայի դէմ մրցումին: Մեր դասաւորման չազդող միւս մրցումին, Հարաքեթ Շապապ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Թաուֆիրէն:

Այս շաբաթ օր (եթէ չփոխուի) ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ երթի իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ Մաշղարայի դաշտին վրայ` Հորր Ամելի խումբին դէմ:

Հորր Ամելի խումբը ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի նման 10 կէտեր ունի եւ կը պայքարի Բ. դիրքին համար: 3 կէտերը շատ կարեւոր են` դարձի մրցումներուն համար նոր էջ մը բանալու համար:

Ստորեւ` 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները եւ դասաւորումը.

Ղատ Աֆտալ – Հորր Ամելի 3-2
Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 1-4
Հարաքեթ Շապապ – Թաուֆիր 0-2
Իժթիմահի – Ժալիլ Քանա 1-1

ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄԿԷՏ
1.- Ղատ Աֆտալ14 (18-9)
2.- Իժթիմահի10 (21-10)
3.- ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ10 (13-11)
4.- Հորր Ամելի10 (11-9)
5.- Ահլի Սայտա10 (9-8)
6.- Ժալիլ Քանա8 (11-11)
7.- Թաուֆիր4 (7-15)
8.- Հարաքէթ Շապապ1 (2-19)

 

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Էտուըրտծ 55 Կէտ Նշանակեց, Բայց Մինեսոթա Պարտուեցաւ

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Սփորթինկ Պքեննայա` 77-55

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Սփորթինկ Պքեննայա` 77-55
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Սփորթինկ Պքեննայա` 77-55

January 19, 2026
«Էն. Պի. Էյ.»  Էտուըրտծ 55 Կէտ Նշանակեց, Բայց Մինեսոթա Պարտուեցաւ
Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Էտուըրտծ 55 Կէտ Նշանակեց, Բայց Մինեսոթա Պարտուեցաւ

January 19, 2026
«Պունտեսլիկա».  Պայերն Միւնիխ «Պատժեց» Լայփցիկը (1-5)
Մարզական

«Պունտեսլիկա». Պայերն Միւնիխ «Պատժեց» Լայփցիկը (1-5)

January 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.