Անցեալ տարուան «Եու.Է.Էֆ.Ա.» «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր» Փարիզ Սեն Ժերմեն երեքշաբթի գիշեր Լիզպոնի մէջ 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն կրեց Սփորթինկ Լիզպոնէն, արդիւնք մը, որուն պատճառով Փարիզի կազմը վտանգեց իր դիրքը ուղղակիօրէն հասնելու 1/8-րդ հանգրուան:
Օրուան հերոսն էր քոլոմպիացի յառաջապահ Լուիս Սուարես, որ նշանակեց Սփորթինկի երկու կոլերը 74-րդ եւ 90-րդ վայրկեաններուն: Վրացի Քվիչա Քվարացխելիս 79-րդ վայրկեանին նշանակած էր ֆրանսական ակումբի կոլը: Խումբէն կը բացակայէին Աշրաֆ Հաքիմի եւ Իպրահիմ Էմպէյ, որոնք Ափրիկէի ազգերու աւարտական մրցումին իրար դէմ խաղցած էին:
Օրուան անակնկալ արդիւնքներէն միւսն էր Մանչեսթըր Սիթիի ծանր պարտութիւնը Նորվեկիոյ Պոտօ Կլիմթի դաշտին վրայ` 3-1 արդիւնքով:
Դանիացի Քասփըր Հոկ 2 կոլ նշանակեց, իսկ 3-րդ կոլը նշանակեց նորվեկիացի Ենս Հաուկ, որ մրցումին աստղն էր եւ անգամ մըն ալ սիւնին դպցուց գնդակը: Ռայան Շերքի նշանակեց Սիթիի միակ կոլը:
Արսենալ շատ հետաքրքրական մրցումի մը 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Իտալիոյ այժմու լաւագոյն խումբը` Ինթեր Միլանը, Իտալիոյ մէջ: Ինթեր այդքան ալ վատ ելոյթ չունեցաւ, բայց Արսենալ կրցաւ առիթներ օգտագործել 3 կոլ նշանակելով:
Ռէալ Մատրիտ 6-1 արդիւնքով ջախջախիչ արդիւնքով յաղթեց Մոնաքոյին: Քելիան Էմպափէ իր նախկին ակումբին դէմ 2 կոլ նշանակեց, մինչ Ֆրանքօ Մաթանթունօ, Թիմօ Քեհրեր (սխալմամբ իր բերդին մէջ), Վինիսիուս Ճունիոր եւ Ճուտ Պելինկհամ աւելցուցին մնացեալ կոլերը:
Ստորեւ երեքշաբթի օրուան մրցումներուն արդիւնքները.-
Քայրաթ Ալմաթի – Ֆօքօ Պրիւժ 1 – 4
Պոտօ Կլիմթ – Մանչեսթըր Սիթի 3 – 1
Ֆօքօ Քոփենհակըն – Նափոլի 1 – 1
Ինթեր Միլան – Արսենալ 1 – 3
Օլիմփիաքոս – Պայեր Լեւերքուզըն 2 – 0
Ռէալ Մատրիտ – Մոնաքօ 6 – 1
Սփորթինկ Լիզպոն – Փարիզ Սեն Ժերմեն 2 – 1
Թոթենհամ – Տորթմունտ 2 – 0
Վիարէալ – Այաքս Ամսթերտամ 1 – 2


