Հայաստանի ճատրակի 2026-ի ախոյեանութեան աւարտին, Մանուէլ Պետրոսեան դարձաւ տղոց ախոյեան, իսկ Անահիտ Մկրտչեան` աղջկանց ախոյեան:
Պետրոսեան 9 կարելի կէտերէն 6-ը կրցաւ շահիլ, մինչ Արթուր Դաւթեան, Զաւէն Անդրէասեան եւ Արամ Յակոբեան վաստկեցան 5,5 կէտեր: Լաւագոյն եռեակը եզրափակեց մեծ վարպետ Զաւէն Անդրէասեան:
Աղջկանց ախոյեանութեան Մկրտչեան 6,5 կէտ ձեռք ձգեց, մինչ արծաթէ մետալակիր դարձաւ ՖԻՏԷ-ի վարպետ Աստղիկ Յակոբեան` 6 կէտով: Սոնա Կրկեաշարեան, Անի Աւետիսեան եւ Աննա Խաչատրեան վաստկեցան 5,5 կէտեր, բայց լրացուցիչ արդիւնքներով եռեակը եզրափակեց Սոնա Կրկեաշարեան, որ շահեցաւ պրոնզէ մետալ:


