Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 23-րդ հանգրուանին, անցեալ տարուան ախոյեան Լիվըրփուլ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Պորնմաութէն:
26-րդ եւ 33-րդ վայրկեաններուն կոլեր ստանալէ ետք կը կարծուէր, որ Լիվըրփուլ ինքզինք գտած է 2 կոլերով պատասխանելով: Սակայն 95-րդ վայրկեանին մարոքցի Ամին Ատլի օգտուեցաւ Լիվըրփուլի մեծ քառակուսիի իրարանցումէն եւ գնդակը զետեղեց «կարմիրներուն» բերդին մէջ` մրցումի վերջին առիթին 3 կէտերը նուիրելով Պորնմաութին:


