Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն.Պի.Էյ.» Քլիփըրզի Անակնկալ Պարտութիւնը

January 22, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, որ իր վերջին 15 մրցումներուն 12-ը` յաղթած էր, երէկ անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Շիքակօ Պուլզի դաշտին վրայ` 138-110 արդիւնքով: Յաջորդաբար 3-րդ մրցումին կը բացակայէր Քուայ Լենըրտ, որ ընտրուած էր «Օլ Սթար»-ի մրցումին մասնակցելու 7-րդ անգամ ըլլալով:

Պէտք է ըսել, որ Բ. մասին է, որ Շիքակօ Պուլզ ապահովեց իր յաղթանակը` 45 կէտ նշանակելով եւ ստանալով միայն 19 կէտ, մինչ Քլիփըրզի մարզիկ Ճէյմս Հարտըն միայն 24 կէտ կրցաւ նշանակել:

Շիքակօ Պուլզի լաւագոյն մարզիկն էր Քոպի Ուայթ, որ 27 կէտ նշանակեց: Տենվըր Նակեթց կը հիւրընկալէր Լոս Անճելըս Լէյքըրզը, եւ մինչեւ կիսախաղ ամէն ինչ լաւ կ՛ընթանար ի նպաստ Տենվըրի, որ կը խաղար առանց իր սերպ աստղ Նիքոլա Եոքիչին: 71-57 արդիւնքով յառաջացած Տենվըր Բ. կիսախաղին չկրցաւ զսպել Լէյքըրզի աստղերը, որոնք նոյնիսկ առանց Տէանտրէ Այթոնի (վիրաւորուեցաւ առաջին կիսախաղին) կրցան մրցումին արդիւնքը շրջելով յաղթել 115-107 արդիւնքով: Լուքա Տոնչիչ թրիփըլ տապըլ իրագործեց նշանակելով 38 կէտ ու 13 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ կատարելով, մինչ Լըպրոն Ճէյմս 19 կէտ ձեռք ձգեց:

Թորոնթօ Ռեփթըրզ օգտուեցաւ Ճիմի Պաթլըրի  բացակայութենէն, որ ծունկի ետեւի մկանի կապը պատռելով այս եղանակին ելոյթ չի կրնար ունենալ: Թորոնթօ Ռեփթըրզ յաղթեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին 127-145 արդիւնքով:

Իմանուէլ Քուիքլի 40 կէտ եւ 10 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Թորոնթոյի, մինչ Սքոթի Պարնզ 26 կէտ եւ 11 էսիսթ աւելցուց: Պրենտըն Ինկրամ իր կարգին բաւական յաջող ելոյթ մը ունեցաւ` 22 կէտ նշանակելով: Կոլտըն Սթէյթի լաւագոյն մարզիկն էր Պատի Հիլտ, 25 կէտ նշանակեց, մինչ Սթեֆ Քըրի 16 կէտ ձեռք ձգեց միայն:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Ֆինիքս Սանզ 110-116
Շիքակօ Պուլզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 138-110
Հիուսթըն Ռոքեթց – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 111-106
Եութա Ճեզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 127-122
Տենվըր Նակեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 107-115
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 127-145
Սաքրամենթօ Քինկզ – Մայեմի Հիթ 117-130

Նշենք, որ «Օլ Սթար»-ի մրցումին մասնակից 20 մարզիկներն ալ յստակացան, ուր նկատի առնուեցան մարզիկներու քուէները, համակիրներու եւ լրագրողներու քուէները: Համակիրներու քուէարկութիւնը 50 տոկոս ուժ ունի, մինչ մարզիկներու եւ լրագրողներու քուէարկութիւնը` 25-ական տոկոս:

Ստորեւ` վերջնական արդիւնքները (քուէներու հաշիւներէն ետք).

Արեւմտեան շրջան
1 – Նիքոլա Եոքիչ (Տենվըր)
2 – Լոքա Տոնչիչ (Լէյքըրզ)
3 – Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր (Օքլահոմա)
4 – Սթեֆ Քըրի (Կոլտըն Սթէյթ)
5 – Վիքթոր Ուիմպանեամա (Սան Անթոնիօ)
6 – Անթոնի Էտուըրտզ (Մինեսոթա)
7 – Տենի Աւտիճա (Փորթլենտ)
8 – Քեւըն Տիւրենթ (Հիուսթըն)
9 – Լըպրոն Ճէյմս (Լէյքըրզ)
10 – Քուայ Լենըրտ (Քլիփըրզ)

Արեւելեան շրջան
1 – Եաննիս Անթեթոքումփօ (Միլուոքի)
2 – Քէյտ Քանինկհեմ (Տիթրոյթ)
3 – Թայրիս Մեքսի (Ֆիլատելֆիա)
4 – Ճէյլըն Պրանսըն (Նիւ Եորք)
5 – Ճէյլըն Պրաուն (Պոսթըն)
6 – Տոնավըն Միչել (Քլիվլենտ)
7 – Քարլ – Անթոնի Թաունզ (Նիւ Եորք)
8 – Ճէյլըն Ճոնսըն (Աթլանթա)
9 – Մայքըլ Փորթըր (Պրուքլին)
10 – Պրենտըն Ինկրամ (Թորոնթօ)

 

 

 

Նախորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Մանչեսթըր Սիթի Անակնկալ Պարտութիւններ Կրեցին

Յաջորդը

Սարգսեան Հրաժարեցաւ «Ազրպէյճան» Գրութեան Շուրջ Ստեղծուած Հարցին Պատճառով

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Անթունիէ ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Անթունիէ ՀՄԸՄ

January 22, 2026
Սարգսեան Հրաժարեցաւ «Ազրպէյճան» Գրութեան Շուրջ Ստեղծուած Հարցին Պատճառով
Մարզական

Սարգսեան Հրաժարեցաւ «Ազրպէյճան» Գրութեան Շուրջ Ստեղծուած Հարցին Պատճառով

January 22, 2026
«Չեմփիընզ Լիկ».  Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Մանչեսթըր Սիթի Անակնկալ Պարտութիւններ Կրեցին
Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Մանչեսթըր Սիթի Անակնկալ Պարտութիւններ Կրեցին

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.