Մարզական

Էն. Պի. Էյ.  Ֆիլատելֆիա Յաղթեց Միլուոքիին

Էն. Պի. Էյ. Ֆիլատելֆիա Յաղթեց Միլուոքիին

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 139-122 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Միլուոքի Պաքսը, ուր Փոլ Ճորճ (32 կէտ) եւ Ժոել Էմպիիտ (29 կէտ) փայլեցան: Երկու խումբերն ալ այս տարեշրջանին շատ վիրաւորներ ունեցան, եւ այս մրցումէն բացակայեցան Միլուոքիի աստղեր Եաննիս Անթեթոքումփօ եւ Քեւըն Փորթըր: Ճորճ եւ Էմպիիտ իրենց կարգին շատ քիչ ելոյթներու մասնակցեցան նոյն պատճառով, բայց տարեշրջանի կարեւոր հանգրուաններուն պատրաստ կը թուին ըլլալ: Օքլահոմա Սիթի Թանտըր...

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն,  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Դարձի  Առաջին Մրցումը` 7 Փետրուարին

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Դարձի Առաջին Մրցումը` 7 Փետրուարին

7 փետրուարին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց ֆութպոլի խումբը պիտի սկսի Գ. դասակարգի իր դարձի մրցումներուն, ուր 7 վճռական մրցումներ ունի կատարելիք: 15 օրուան դադարը շատ կարեւոր է վերստին ուսումնասիրելու խումբին մրցակիցները, անոնց մարզիկները, խաղաոճը, անոնց յաղթելու ձեւը, տկար եւ զօրաւոր գիծերը եւ կէտերը: Տեսանք 7 մրցակիցները եւ գիտենք, որ բոլորին ալ կրնանք յաղթել, եթէ... ճիշդ խաղանք, լաւ խաղանք, պայքարինք, նուազագոյն...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ – Թատամոն Հարաժել

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Թատամոն Հարաժել

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին գծով այսօր ՀՄԸՄ երեկոյեան ժամը 18:00-ին պիտի հիւրընկալէ Թատամոն Հարաժելը: ՀՄԸՄ, որ 15-րդ հանգրուանի իր մրցումը պիտի կատարէ 9 փետրուարին` նկատի ունենալով, որ Պէյրութ Ֆըրսթ խումբը այժմ կը գտնուի Տուպայ, ամէն գնով այս մրցումին պէտք է յաղթէ` գրաւելու համար 3-րդ դիրքը, Սանթրալի եւ Անթունիէի նման 9 յաղթանակներ ունենալով: Թատամոն Հարաժել միայն մէկ մրցումի կրցած...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր Վերջ Կը Գտնէ Առաջին Հանգրուանը

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր Վերջ Կը Գտնէ Առաջին Հանգրուանը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքը այսօր գիշեր կը հասնի առաջին հանգրուանի իր աւարտին, ուր տեղի կ՛ունենան 8-րդ եւ վերջին շաբթուան 18 մրցումները, նոյն ժամուն (ժամը 22:00-ին): Միակ խումբերը, որոնք ուղղակիօրէն պիտի հասնին 1/8-րդ հանգրուան, առաջին 8 դիրքերը գրաւող խումբերը պիտի ըլլան: Մինչեւ օրս Արսենալ եւ Պայերն Միւնիխ արդէն իսկ ապահոված են 1/8-րդ հանգրուանի իրենց տոմսերը: Մնացեալ բոլոր խումբերն...

«Էն. Պի. Էյ.»  Տոնչիչ Փայլեցաւ Եւ Լէյքըրզ Յաղթեց  Պուլզին` 129-118 Արդիւնքով

«Էն. Պի. Էյ.» Տոնչիչ Փայլեցաւ Եւ Լէյքըրզ Յաղթեց Պուլզին` 129-118 Արդիւնքով

Լուքա Տոնչիչ 46 կէտ նշանակեց, 11 էսիսթ կատարեց եւ ձեռք ձգեց 7 ռիպաունտ` օգնելով, որ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 129-118 արդիւնքով յաղթէ Շիքակօ Պուլզին` այս վերջինիս դաշտին վրայ: Լըպրոն Ճէյմս իր 24 կէտերուն 20-ը նշանակեց առաջին կիսախաղին, ուր Լէյքըրզ բարելաւեց (3-1) իր արդիւնքները օտար դաշտերու վրայ: Ռուի Հաշիմուրա 23 կէտ աւելցուց ի նպաստ Լէյքըրզին, որ իր 28-րդ յաղթանակը արձանագրեց 45-րդ ելոյթին:...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ

Այսօր ժամը 20:30-ին Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը ախոյեանութեան իր 5-րդ մրցումը պիտի կատարէ Անդրանիկի դէմ: Անդրանիկ երկու մրցում կատարած է պարտուելով Ռիատիէն (82-52) եւ յաղթելով Մթայլեպին (77-72), մինչ Լիբանանի 18 տարեկանէն վար ազգային խումբը, որ սկզբունքով պիտի մասնակցէր Չեմփսի փոխարէն, չմասնակցեցաւ, իսկ Պէյրութ Ֆըրսթ Տուպայ կը գտնուի (շահեցաւ աղջկանց...

Պայրագտարեան Ընդունեց Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնը

Պայրագտարեան Ընդունեց Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան քանի մը օր առաջ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց հեծելարշաւի ֆետերասիոնի անդամները` գլխաւորութեամբ նախագահ Հրայր Սեթոյեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ժան Զուղէյպ, քարտուղար Միշել Տաղլ, գանձապահ Արտա Զէյթունլեան, հաշուապահ Նազարէթ Հապիպեան եւ խորհրդատու Կարապետ Աբգարեան: Պատուիրակութիւնը ներկայացուց մարզական տարեշրջանի իր տեղեկագիրը եւ յայտագիրը, մինչ Պայրագտարեան իր կարգին ներկայացուց նախարարութեան ծրագիրները, ինչպէս...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Եունայթըտի Յաղթանակը Արսենալի Դէմ. Եուվենթուսի Մեծ Յաղթանակը Նափոլիի Դէմ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Եունայթըտի Յաղթանակը Արսենալի Դէմ. Եուվենթուսի Մեծ Յաղթանակը Նափոլիի Դէմ

Եւրոպայի լաւագոյն 5 ախոյեանութիւններուն, կիրակի գիշեր Լոնտոնի մէջ Մանչեսթըր Եունայթըտ 3-2 արդիւնքով անակնկալի մատնեց պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալը` յաջորդական իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրելով նոր մարզիչ Մայքըլ Քարիքի հետ: Արդարեւ, շաբաթ մը առաջ անակնկալի բերելէ ետք Մանչեսթըր Սիթին (2-0), Եունայթըտ անակնկալ կոլ մը ստանալէ ետք 29-րդ վայրկեանին, 37-րդ եւ 50-րդ վայրկեաններուն փոխադարձեց քամերունցի Էմպումոյի եւ դանիացի Տորկուի շնորհիւ: 84-րդ վայրկեանին Մերինօ...

«Էն. Պի. Էյ.»  Լենըրտ Եւ Հարտըն Քլիփըրզի Յաղթանակ Մը Եւս Կերտեցին

«Էն. Պի. Էյ.» Լենըրտ Եւ Հարտըն Քլիփըրզի Յաղթանակ Մը Եւս Կերտեցին

Քուայ Լենըրտ եւ Ճէյմս Հարտըն արագ կողովներ նշանակեցին` օգնելով, որ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 126-89 արդիւնքով յաղթէ Պրուքլին Նեթցին: Լենըրտ իր 28 կէտերէն 21-ը նշանակեց առաջին կիսախաղին, ուր Քլիփըրզ 38 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ եւ հանգիստ ձեւով շարունակեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի ճակատումը` Նեթցի դէմ: Հարտըն (19 կէտ), Ճոն Քոլինզ (18), Ճորտըն Միլըր (16) եւ Իվիցա Զուպաց (11 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) լաւ...

Թենիս.  Քիզ Եւ Մետվետեւ Դուրս Մնացին

Թենիս. Քիզ Եւ Մետվետեւ Դուրս Մնացին

Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքը կը շարունակուի, եւ անակնկալ արդիւնքներն ալ սկսան: Անցեալ տարուան աղջկանց ախոյեան Մետիսըն Քիզ 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութիւն կրեց իր համաքաղաքացի Ճեսիքա Փեկուլայէն եւ ձախողեցաւ հասնելու քառորդ աւարտական: Ամերիկացի Քիզ, որ 9-րդ դասուած էր, 1 ժամ 19 վայրկեան պայքարէ ետք 28 սխալներ գործեց եւ տեղի տուաւ թիւ 6 դասուած Փեկուլային, որ քառորդ աւարտականին պիտի մրցի այլ...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Ազուրի  Դաշտին Վրայ (81-84)

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Ազուրի Դաշտին Վրայ (81-84)

Շաբաթ օր ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր առաջին լուրջ մրցումը կատարեց այս տարեշրջանին եւ կրցաւ 84-81 արդիւնքով յաղթել Անթունիէի դաշտին վրայ` Ազուրի դէմ մրցումին: Ազուրի հետ առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունեցաւ ամերիկացի Սապրինա Հէյնզ, բայց պէտք է ըսել, որ Էլիսա Կրիսեթ ինք էր մրցումին աստղը` նշանակելով 25 կէտ եւ ձեռք ձգելով 8 ռիպաունտ: ՀՄԸՄ Անթիլիաս շատ լաւ ձեւով սկսաւ եւ առաջին անգամ...

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթեց Մաշղարայի Մէջ (2-1)

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթեց Մաշղարայի Մէջ (2-1)

Շաբաթ օր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը Գ. դասակարգի 7-րդ հանգրուանի (երթի վերջին) իր մրցումին շատ կարեւոր 3 կէտեր ձեռք ձգեց Մաշղարայի մէջ Հորր Ամելի խումբին դէմ տեղի ունեցած մրցումին: Ճիշդ է, որ մրցումը մրցակից խումբին դէմ էր, բայց դժբախտաբար ֆութպոլէ անկախ ամէն ինչի կը նմանէր: Կլիմայի աննպաստ պայմաններուն ներքեւ դաշտը վերածուած էր լճակներու, բայց իրաւարարը ամէն պարագայի «յարմար» տեսած...

Եուրօ Ֆութսալ.  Հայաստան Շարունակեց Իր Պատմական Արդիւնքները Եւ Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Եուրօ Ֆութսալ. Հայաստան Շարունակեց Իր Պատմական Արդիւնքները Եւ Հասաւ Քառորդ Աւարտական

Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը երէկ 5-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Չեխիան, Եուրօ 2026-ի իր 2-րդ մրցումին, շարունակելով իր պատմական յաջողութիւնը եւ միաժամանակ ապահովելով քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Մրցումը արագ սկսաւ, եւ Չեխիա 2-րդ վայրկեանին կոլ նշանակեց: Հայաստան անմիջապէս փոխադարձեց Վլատիմիր Սանոսեանի շնորհիւ եւ 7-րդ վայրկեանին կոլ մը եւս աւելցուց Նիքիթա Խրոմիխի շնորհիւ: Կիսախաղ չեղած արդիւնքը 3-1 էր, երբ Քուտելքա (սխալմամբ իր...

Ըմբշամարտ.  Հայկ Մնացականեան` Պուլկարիոյ Ախոյեան

Ըմբշամարտ. Հայկ Մնացականեան` Պուլկարիոյ Ախոյեան

Հայ ըմբիշ Հայկ Մնացականեան յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով դարձաւ Պուլկարիոյ 82 քկ կշիռի կարգի յունահռոմէական ըմբշամարտի ախոյեան: Աւարտականին Մնացականեան 9-1 արդիւնքով համոզիչ յաղթանակ արձանագրեց Սվեթոսլաւ Նիքոլովի դէմ: Այս կշիռի կարգին մէջ 26 ըմբիշներ մասնակցեցան, ուր Հայկ իր 5 մենամարտերէն 4-ը ժամանակէն առաջ աւարտեց` ցուցադրելով բարձր մակարդակ եւ գերազանց ուժ իր մրցակիցներուն նկատմամբ: Նշենք, որ այս ախոյեանութեան չմասնակցեցան պուլկարահայ ըմբիշներ Էտմոնտ...

Բռնցքամարտ.  Ազատ Յովհաննիսեան Առաջին Անգամ Ըլլալով  Պարտութեան Մատնեց Մետեթը

Բռնցքամարտ. Ազատ Յովհաննիսեան Առաջին Անգամ Ըլլալով Պարտութեան Մատնեց Մետեթը

Ազատ Յովհաննիսեան անակնկալի բերաւ բռնցքամարտի աշխարհը` կէտերով պարտութեան մատնելէ ետք անյաղթ Այտոս Մետեթը, Քալիֆորնիոյ մէջ: Հայ մարզիկը 77-75, 78-74 եւ 79-73 արդիւնքով հաստատ յաղթանակ արձանագրեց: Կլենտէյլ բնակող Յովհաննիսեան մենամարտի սկիզբէն ճնշեց Ղազախստանի 24 տարեկան մարզիկ Մետեթի վրայ, որ փետուրի կշիռի գծով իր նախկին 14 մրցումներուն ալ յաղթած էր: 37 տարեկան Յովհաննիսեան փոխարինած էր Մետեթի նախնական մրցակիցը, որ անորոշ պայմաններով քաշուած...

«Սերի Ա.»  Մխիթարեան Ինթերի Պատմութեան Անցաւ

«Սերի Ա.» Մխիթարեան Ինթերի Պատմութեան Անցաւ

Հայաստանի ազգային խումբի նախկին խմբապետ եւ Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ուրբաթ գիշեր Ինթեր Միլանի պատմութեան ամէնէն երէց կոլ նշանակող մարզիկներուն 5-րդ դիրքը գրաւեց` դուրս ձգելով պատմական մարզիկ Ճիուսեփէ Մէացան այդ ցանկէն: Արդարեւ, Մխիթարեան, որ 2 օր առաջ 37 տարեկան դարձած էր, Փիզայի դէմ «Սերի Ա.»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումին նշանակեց իր ակումբի 6-րդ կոլը` 93-րդ վայրկեանին հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին:...

«Պունտըսլիկա».  Պայերն Միւնիխ Վերջապէս… Պարտուեցաւ

«Պունտըսլիկա». Պայերն Միւնիխ Վերջապէս… Պարտուեցաւ

Այս տարեշրջանին Պայերն Միւնիխ «Պունտըսլիկա»-ի մէջ 16 յաղթանակ եւ 2 հաւասարութիւն արձանագրած էր, բայց շաբաթ օր Աուկսպուրկէն կրեց իր առաջին անակնկալ պարտութիւնը` 2-1 արդիւնքով: Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Միւնիխի «Ալիանց Արենա» դաշտին վրայ, իրար դէմ կը հանէր յարձակողական եւ պաշտպանողական խումբեր: Պայերն անխնայ կը յարձակէր մրցումի սկիզբէն, բայց մեծ թիւով առիթներ կորսնցուց եւ կոլ մը նշանակեց շնորհիւ ճափոնցի յետսապահ Հիրոքի...

«Փրեմիեր Լիկ».  Լիվըրփուլ 95-րդ Վայրկեանին Կոլ Ստացաւ  Եւ Պարտուեցաւ Պորնմաութէն (3-2)

«Փրեմիեր Լիկ». Լիվըրփուլ 95-րդ Վայրկեանին Կոլ Ստացաւ Եւ Պարտուեցաւ Պորնմաութէն (3-2)

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 23-րդ հանգրուանին, անցեալ տարուան ախոյեան Լիվըրփուլ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Պորնմաութէն: 26-րդ եւ 33-րդ վայրկեաններուն կոլեր ստանալէ ետք կը կարծուէր, որ Լիվըրփուլ ինքզինք գտած է 2 կոլերով պատասխանելով: Սակայն 95-րդ վայրկեանին մարոքցի Ամին Ատլի օգտուեցաւ Լիվըրփուլի մեծ քառակուսիի իրարանցումէն եւ գնդակը զետեղեց «կարմիրներուն» բերդին մէջ` մրցումի վերջին առիթին 3 կէտերը նուիրելով Պորնմաութին:  

Պէյրութ Մարաթոն.  «Ռոլինկ Հաֆ Մարաթոն»` 8 Փետրուարին

Պէյրութ Մարաթոն. «Ռոլինկ Հաֆ Մարաթոն»` 8 Փետրուարին

8 փետրուարին Պէյրութ մարաթոն միութիւնը պիտի կազմակերպէ կէս մարաթոն` «Ռոլինկ հաֆ մարաթոն» անունով, Սելաաթայէն Ժիպէյլ հասցնող ծովեզերեայ ճամբուն վրայ: Երրորդ «Ռոլինկ հաֆ մարաթոն» մրցումին պիտի մասնակցին արաբական երկիրներէ եւ միջազգային աթլեթներ, որոնց արձանագրութիւններու թիւերը այժմէն կը խոստանան ըլլալ հետաքրքրական: Արձանագրութիւնները կը շարունակուին մինչեւ 1 փետրուար, www.beirutmarathon.org կայքին վրայ: Այս տարուան մրցումին պիտի մասնակցին մօտ 105 օտար աթլեթներ 18 տարբեր երկիրներէ:...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ազուր – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Պասքեթպոլ. Այսօր` Ազուր – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Այսօր յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, «Նոթըր Տամ» Լուէյզէի դպրոցի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 4-րդ շաբթուան իր մրցումին պիտի մրցի Ազուրի դէմ: Ազուր, որ կը նկատուի ախոյեանութեան նոր խումբերէն, անցեալ տարի իր առաջին ելոյթը ունեցած էր աղջկանց ախոյեանութեան եւ սկիզբէն լաւ խումբ պատրաստած էր` հասնելով կիսաւարտական: Անցեալ տարեշրջանին ՀՄԸՄ Անթիլիաս կրցած էր կիսաւարտականին մեծ դժուարութեամբ յաղթել Ազուրին եւ այսօր...

Page 64 of 1275 1 … 63 64 65 … 1,275

Արխիւներ