Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պայքարի Ոգիով Յաղթեց Անթունիէին` 95-91 Արդիւնքով

January 23, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Անթունիէի դաշտին վրայ` 95-91 արդիւնքով:

ՀՄԸՄ բաւական լաւ սկսաւ մրցումը եւ 8 կէտերու առաւելութեամբ աւարտեց առաջին մասը: Կը կարծուէր, որ ՀՄԸՄ յաղթանակը ապահոված էր, սակայն Անթունիէ Բ. մասին կարծէք սթափեցաւ, մինչ ՀՄԸՄ հակառակը` գինովցաւ կանուխ յաղթանակով: Այս մասին ՀՄԸՄ միայն 7 կէտեր նշանակեց Անթունիէի 18-ին դիմաց: 3-րդ մասին Անթունիէ շատ լաւ խաղցաւ, եւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները ստիպուեցան ֆաուլերու դիմել զսպելու համար մրցակիցը:

Վերջին մասին սկիզբէն Անթունիէ 5 կէտի առաւելութիւն ունէր, որ աւելի ուշ 7-ի ալ բարձրացաւ: ՀՄԸՄ-ի տղաքը սկսան աւելի լուրջ խաղալ, պայքարի բարձր ոգիով խաղցան եւ մինչեւ իսկ 5 կէտով յառաջացան մրցումի աւարտէն 23 երկվայրկեան առաջ (75-80): Մարք Խուրի, որ վերջերս բարձր մակարդակ կը ցուցաբերէ, փրկեց Անթունիէն 2 հատ յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակելով, մինչ ՀՄԸՄ միայն 1 կէտ կրցած էր նշանակել Ճորտըն Սթիվընզի ազատ զոյգ հարուածներէն:

Հիմնական 40 վայրկեանները վերջ գտած էին, եւ դիմուեցաւ երկարաձգման: ՀՄԸՄ կարծէք նոր սկսած էր մրցումին, ուր շատ հանգիստ ձեւով յաջորդական 8 կէտեր նշանակեցին Ճորտըն, Թայլըր Պէյ (ազատ հարուածով 1 կէտ), Այզաք Այյուպի եւ Խալիտ Թոմաս:

Անթունիէ ուշ մտաւ յաւելեալ վայրկեաններու մթնոլորտին եւ չկրցաւ դիմանալ ՀՄԸՄ-ի հանգիստ եւ հաստատ յարձակումներուն:

Աւարտէն 25 երկվայրկեան առաջ 93-86 արդիւնքով յառաջացած Կապրիէլ Աճէմեան 5-րդ ֆաուլը կատարեց եւ դուրս եկաւ դաշտէն: 95-90 էր արդիւնքը, երբ Թայլըր Պէյ իր կարգին 5-րդ ֆաուլը կատարեց, երբ սակայն ժամացոյցի վրայ 2,4 երկվայրկեան կար: Ի վերջոյ 95-91 արդիւնքով ՀՄԸՄ յաղթեց` վերագտնելով տարեշրջանի իր առաջին մրցումներուն մակարդակը` իր յաղթանակը կրկնելով Անթունիէի վրայ դարձի մրցումին ալ:

ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցն է Պէյրութ Ֆըրսթ, եւ մրցումը տեղի պիտի ունենայ 9 փետրուարին, Շիյահի դաշտին վրայ:

Երէկուան մրցումին, Թայլըր 29 կէտ եւ 15 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ տապըլ տապըլ իրագործեցին նաեւ Խալիտ Թոմաս (20 կէտ եւ 14 ռիպաունտ) եւ Ճորտըն Սթիվընզ (19 կէտ եւ 10 էսիսթ):

Անթունիէի առաւելագոյն կէտերը նշանակեց Մարք Խուրի (28 կէտ):

Նախորդը

Մխիթարեանի Ծննդեան 37-րդ Տարեդարձը

Յաջորդը

«Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիս

RelatedPosts

Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր.  Միլանի Մէջ Գեղեցիկ Բացում… Առանց Ձիւնի
Գլխաւոր լուրեր

Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր. Միլանի Մէջ Գեղեցիկ Բացում… Առանց Ձիւնի

February 9, 2026
Պասքեթպոլ.  Այսօր` Պէյրութ Ֆըրսթ – ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Պէյրութ Ֆըրսթ – ՀՄԸՄ

February 9, 2026
Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կարեւոր Յաղթանակով Սկսաւ Դարձի Մրցումները
Մարզական

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կարեւոր Յաղթանակով Սկսաւ Դարձի Մրցումները

February 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.