Այսօր երեկոյեան ժամը 16:45-ին, Անթունիէ դպրոցի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ շատ կարեւոր մրցում պիտի ունենայ Անթունիէ խումբին դէմ:
Երթին ՀՄԸՄ 113-107 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Անթունիէն, բայց այդ մրցումէն ետք շատ բաներ փոխուեցան, եւ ՀՄԸՄ նոյն ձեւի պասքեթպոլ չի կրնար խաղալ, մինչ Անթունիէ իր վերջին 5 մրցումներուն անյաղթ է:
ՀՄԸՄ, որմէ կը բացակայի Ահմետ Իպրահիմ, պէտք է ձեւը գտնէ աւելի հանգիստ պասքեթպոլ խաղալու, ուր իւրաքանչիւր մրցումի մարզիկ մը կը փայլի: Բոլոր տղոցմէ կը սպասուի լաւագոյնը տալ, եւ պայքարի բարձր ոգիով կրնանք շահիլ բոլոր մրցումները, մանաւանդ որ ունինք այդ կարողութիւնը եւ ատակ մարզիկները:


