Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը շատ լաւ եւ պատմական յաղթանակով սկսաւ 2026-ի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը (Եուրոն)` պարտութեան մատնելով Աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Ուքրանիան 2-1 արդիւնքով:
Առաջին հանգրուանի իր առաջին մրցումին, Ռուբէն Նազարէթեանի գլխաւորած խումբը կոլ ստանալէ ետք առաջին կիսախաղին, Բ. կիսախաղին կրցաւ 2 կոլ նշանակել` շրջելով մրցումին ընթացքը:
Մրցումին հաշիւը բացաւ ուքրանացի Վլատիսլաւ Պերվէեւ, որ դիպուկ հարուածով գրաւեց Ալպերթ Աղաջանովի բերդը:
Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը, որ Հայաստանի մարզական պատմութեան առաջին խմբային մարզաձեւերու խումբն էր, որ կը հասնի այսպիսի կարեւոր միջազգային մրցաշարքի մը աւարտական մրցաշարքին, Բ. կիսախաղին անոր պատմական առաջին կոլը նշանակեց Միհրան Դերմենջեան, օգտուելով Արսէն Պետրոսովի կրունկով գեղեցիկ փոխանցումէն: Այս կոլէն ետք նոյնինքն Միհրան տուպլէ կատարեց` Հայաստանի հաւաքականին առաջին պատմական յաղթանակը նուաճելով: Միքայէլ Գանդիլեանի հարուածէն ետք գնդակը հասաւ Միհրանին, որ անգամ մը եւս կրունկով գնդակը զետեղեց Եուրի Սասենքոյի բերդին մէջ:
Հայաստանի հաւաքականի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Չեխիան, մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը ժամը 14:00-ին:
Նշենք, որ Եուրոն տեղի կ՛ունենայ Լիթուանիոյ Քաունաս քաղաքին մէջ:
Հայաստան դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով.
Բերդապահ` Ալպերթ Աղաջանով եւ մարզիկներ Նիքիթա Խրոմիխ, Արթուր Մելքոնեան, Վլատիմիր Սանոսեան եւ Տենիս Նեվետրով:
Պահեստի մարզիկներ` Էմին Ղարաբէկեանց, Համլեթ Մանուկեան, Միքայէլ Գանդիլեան, Սարգիս Մարգարեան, Արսէն Պետրոսեան, Գարեգին Մաշումեան, Արսէն Պետրոսով, Աղասի Եղիազարեան եւ Միհրան Դերմենջեան:


