Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Լենըրտ Եւ Հարտըն Քլիփըրզի Յաղթանակ Մը Եւս Կերտեցին

January 27, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քուայ Լենըրտ եւ Ճէյմս Հարտըն արագ կողովներ նշանակեցին` օգնելով, որ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 126-89 արդիւնքով յաղթէ Պրուքլին Նեթցին:

Լենըրտ իր 28 կէտերէն 21-ը նշանակեց առաջին կիսախաղին, ուր Քլիփըրզ 38 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ եւ հանգիստ ձեւով շարունակեց «Էն. Պի. Էյ.»-ի ճակատումը` Նեթցի դէմ:

Հարտըն (19 կէտ), Ճոն Քոլինզ (18), Ճորտըն Միլըր (16) եւ Իվիցա Զուպաց (11 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) լաւ ելոյթ ունեցան եւ Լէյքըրզի դէմ յաղթանակէն ետք կրցան իրենց 8-րդ յաղթանակը արձանագրել վերջին 9 մրցումներուն:

Տիթրոյիթ Փիսթընզ շարունակեց վերջին տարիներու իր լաւագոյն ելոյթները, եւ 139-116 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաքրամենթօ Քինկզը: Քէյտ Քանինկհեմ 29 կէտ եւ 11 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Քինկզի լաւագոյն մարզիկն էր Տոմանթաս Սապոնիս (12 կէտ, 8 էսիսթ եւ 7 ռիպաունտ):

Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 111-85 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզը: Սթեֆ Քըրրի 26 կէտ նշանակեց, մինչ Անթոնի Էտուըրտծ 32 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Թիմպըրվուլվզի, որ իր 5-րդ յաջորդական պարտութիւնը կրեց:

Թորոնթօ Ռեփթըրզ 103-101 արդիւնքով անակնկալի բերաւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըրը այս վերջինիս դաշտին վրայ: Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Թանտըրի, մինչ Իմանուէլ Քուիքլի 23 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Թորոնթոյի:

Զայըն Ուիլիամսըն 24 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի, որ 104-95 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սան Անթոնիօ Սփըրզը: Սփըրզի աստղ Վիքթոր Ուեմպանեամա 16 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

 

Նախորդը

Թենիս. Քիզ Եւ Մետվետեւ Դուրս Մնացին

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Եունայթըտի Յաղթանակը Արսենալի Դէմ. Եուվենթուսի Մեծ Յաղթանակը Նափոլիի Դէմ

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.