Մարզական

Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

Շաբաթ օր Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը իր պատմական Եուրոյի մրցաշարքը աւարտեց քառորդ աւարտականին` 3-0 արդիւնքով պարտուելէ ետք Խրուաթիայէն: Եւրոպայի մէջ 5-րդ լաւագոյն դիրքը գրաւող Խրուաթիա բաւական դժուար մրցակից դարձաւ Հայաստանի համար, անիկա շատ արագ սկսաւ մրցումը` 2-րդ վայրկեանէն կոլ նշանակելով: Հայաստան ճնշեց եւ կոլի առիթներ ստեղծեց, բայց խրուաթ բերդապահ Անթէ Փիփլիցա մնաց անդրդուելի: Աւելի ուշ Խրուաթիա 2 այլ կոլեր եւս...

«Պունտըսլիկա».  Պայերն Միւնիխ Կարեւոր Կէտեր  Եւս Կորսնցուց

«Պունտըսլիկա». Պայերն Միւնիխ Կարեւոր Կէտեր Եւս Կորսնցուց

Յաջորդաբար երկրորդ մրցումը ըլլալով, Գերմանիոյ ախոյեան Պայերն Միւնիխ կարեւոր կէտեր կորսնցուց, երբ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց «ֆոլքսփարքշթատիում»-ի մէջ Համպուրկի հետ: Համպուրկի համար շատ կարեւոր էր այդ մէկ կէտը, որուն շնորհիւ 13-րդ դիրք բարձրացաւ: Պայերն շատ աւելի առիթներ ունէր, բայց Համպուրկն մեծ թիւով առիթներ ստեղծեց իր կարգին: Պայերն անբախտ էր երկու անգամ ցնցելով Համպուրկի բերդին ձողը, բայց Համպուրկ ալ արժանի չէր...

«Փրեմիեր Լիկ».  Արսենալ Եւ Լիվըրփուլ Յաղթեցին

«Փրեմիեր Լիկ». Արսենալ Եւ Լիվըրփուլ Յաղթեցին

Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի 24-րդ շաբթուան մրցումներուն, առաջին  դիրքը գրաւող Արսենալ 4-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ արձանագրեց «Էլընտ Ռոտ»-ի դաշտին վրայ ` Լիծի դէմ մրցումին: Սուպիմենտի, Տարքլով (սխալմամբ իր բերդին մէջ) Եոքերեշ եւ Կապրիէլ Ժեսուս նշանակեցին առաջին դիրքը գրաւող Լոնտոնի ակումբին 4 կոլերը: Անցեալ տարուան ախոյեան Լիվըրփուլ 2026-ի իր առաջին յաղթանակը արձանագրեց «Փրեմիեր Լիկ»-ի մրցումներուն` եւ 4-1 արդիւնքով շատ կարեւոր յաղթանակ մը...

Թենիս.  Քարլոս Ալքարաս Շահեցաւ Աւստրալիոյ Թենիսի Մրցաշարքը

Թենիս. Քարլոս Ալքարաս Շահեցաւ Աւստրալիոյ Թենիսի Մրցաշարքը

22 տարեկան աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն Քարլոս Ալքարաս երէկ շահեցաւ Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքը` 3-1արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք նախկին թիւ 1 թենիսմեն սերպ Նովաք Ճոքովիչը: 38 տարեկան Ճոքովիչ, որ պատմութեան ամէնէն շատ կրան շլեմի մրցաշարքեր շահող թենիսմենն է, լաւ ձեւով սկսաւ աւարտականը եւ 34 վայրկեաններու ընթացքին շահեցաւ առաջին սեթը (6-2): Սակայն Ալքարաս յաջորդ 2,5 ժամերուն կրցաւ կարեւոր կէտեր շահիլ` պարտութեան...

Հեծելարշաւ.  Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր  Մարզիկները Պատուեց

Հեծելարշաւ. Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր Մարզիկները Պատուեց

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան արտասահմանի մէջ ձեռքբերումներ արձանագրած լիբանանցի մարզիկներու իր քաջալերման ծիրին մէջ պատուեց տարբեր ֆետերասիոններէ խումբ մը մարզիկներ եւ վարչական պատասխանատուներ: Մարզիկներ մեծարուեցան հեծելարշաւի, խառն մենամարտերու, մուայ Թայի, թայ-քուանտոյի, ժիւտոյի, սուսերամարտի, ինչպէս նաեւ փետուրով թենիսի ֆետերասիոններէն: Հեծելարշաւի մարզաձեւին մէջ, նախարարը մեծարեց նաեւ Ահմետ Ղուլը, որ երկու ոսկի մետալներ շահած էր Իրաքի մէջ կայացած անդամալոյծներու հեծելարշաւի...

Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց  Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն

Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն

Սանտըրլենտի 18 տարեկանէն վար երիտասարդներու խումբը Անգլիոյ երիտասարդներու բաժակի մրցաշարքի 1/8-րդ հանգրուան հասաւ փենալթիներով դուրս ձգելէ ետք Ուեսթ Պրոմիչ Ալպիոն խումբը: Մրցումի 7-րդ վայրկեանին Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականի յառաջապահ Ֆինն Կերակուսեան գեղեցիկ հարուածով բացաւ մրցումին հաշիւը` գնդակը ղրկելով բերդապահին աջ կողմի վերի անկիւնը, խաղի բերելէ ետք 2 մրցակիցներ: 25-րդ վայրկեանին Ճէյմս Պարքըր արդիւնքը 2-ի բարձրացուց: Սակայն Բ. կիսախաղին մրցումին պատկերը փոխեցաւ:...

Ֆութսալ.  Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա

Ֆութսալ. Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա

Այսօր Քաունասի մէջ տեղի կ՛ունենայ ֆութսալի Եուրոյի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի Հայաստան - Խրուաթիա մրցումը: Խրուաթիա, որ աշխարհի թիւ 14 դասուած խումբն է, այժմէն իսկ կը մտածէ կիսաւարտականի մրցումին մասին, մանաւանդ որ մրցակից խումբը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի Եուրոյին: Այդ մրցակիցը` Հայաստան արդէն իսկ պատմական արդիւնքներ արձանագրած եւ հասած է քառորդ աւարտական: Մարզիկները շատ թեթեւի կ՛առնեն Հայաստանի...

Թենիս.  Դանիէլ Սարգսեան Կը Շարունակէ  Իր Յաջող Ելոյթները

Թենիս. Դանիէլ Սարգսեան Կը Շարունակէ Իր Յաջող Ելոյթները

Հայ թենիսմեն Դանիէլ Սարգսեան կը շարունակէ իր յաջող ելոյթները Քուէյթի մէջ տեղի ունեցող «Այ. Թի. Էֆ. Էմ 15 Զահրա» թենիսի մրցաշարքին, ուր հասաւ քառորդ աւարտական: 19 տարեկան թենիսմենը շատ հանգիստ յաղթանակներ արձանագրեց առաջին երկու մրցումներուն` դուրս ձգելով Ռոքօ Փիսթին (Մոնաքօ) 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով, ապա թուրք Մերթ Նաճի Թիւրքերը` 6-1 եւ 6-3 արդիւնքով: Կիսաւարտական հասնելու համար, Սարգսեան պէտք է յաղթէ...

Թենիս.  Ճոքովիչ Եւ Ալքարաս Հասան Աւարտական

Թենիս. Ճոքովիչ Եւ Ալքարաս Հասան Աւարտական

Երէկ Աւստրալիոյ թենիսի տղոց մրցաշարքի կիսաւարտականին ծայր աստիճան հետաքրքրական մրցումներ տեղի ունեցան, ուր աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն Քարլոս Ալքարաս (Սպանիա) մօտ հինգուկէս ժամ պայքարէ ետք յաղթեց գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւին (թիւ 3)` 6-4, 7-6, 6-7, 6-7 եւ 7-5 արդիւնքով, մինչ սերպ վեթերան թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ մեծ անակնկալ արձանագրեց` դուրս ձգելով թիւ 2 թենիսմեն Եանիք Սինըրը (Իտալիա)` 3-6, 6-3, 4-6, 6-4 եւ...

Չեմփիընզ Լիկ.  Պենֆիքա – Ռէալ Մատրիտ` Փլէյ-Օֆի Մրցումներուն

Չեմփիընզ Լիկ. Պենֆիքա – Ռէալ Մատրիտ` Փլէյ-Օֆի Մրցումներուն

Երէկ տեղի ունեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի փլէյ-օֆի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը, ուր չորեքշաբթի գիշեր Ռէալ Մատրիտը պարտութեան մատնած Պենֆիքան (4-2) անգամ մը եւս անոր դէմ պիտի մրցի երթուդարձի դրութեամբ: Ստորեւ` վիճակաձգութեան արդիւնքները. Մոնաքօ - Փարիզ Սեն Ժերմեն Կալաթասարայ - Եուվենթուս Պենֆիքա - Ռէալ Մատրիտ Տորթմունտ - Աթալանթա Քարապաղ - Նիւքեսըլ Ֆ. Ք. - Պրիւժ - Աթլեթիքօ Մատրիտ Պոտօ Կլիմթ...

Նշմար.  Մարզիկներուն Յանցանքը Ի՞նչ Է

Նշմար. Մարզիկներուն Յանցանքը Ի՞նչ Է

ԿԱՐՕ Կ. Մինչեւ անցեալ տարեշրջան ՀՄԸՄ-ի համակիրները քիչ թէ շատ կ՛երթային քաջալերելու տղոց թէ աղջկանց պասքեթպոլի խումբերը եւ վերջերս ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը, որովհետեւ կարօտը կը զգային «հին օրեր»-ուն: Նոր սերունդի ներկայացուցիչներ ալ կը պատրաստուէին իրենց հօր, մեծ եղբօր կամ հարազատներուն հետ` այդ մթնոլորտին մէջ վարժուելով դառնալու ապագայ համակիրներ: Այս տարեշրջանին սակայն զարմանալի եւ անհասկնալի բան տեղի կ՛ունենայ: Տղոց...

Ֆութսալ.  Հայաստան – Լիթուանիա 3-3

Ֆութսալ. Հայաստան – Լիթուանիա 3-3

Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը Բ. խմբակին գծով իր վերջին մրցումը կատարեց եւ 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց հիւրընկալ երկիր Լիթուանիոյ ազգային խումբին հետ: Ռուբէն Նազարէթեանի մարզած խումբին համար այս արդիւնքը այդքան ալ կարեւոր չէր, մանաւանդ որ 2 յաջորդական յաղթանակներէ ետք Հայաստան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ապահոված էր քառորդ աւարտականի իր տոմսը իր առաջին Եուրոյին (Եւրոպայի ախոյեանութիւն): Հակառակ այս բոլորին, մրցումը...

Սեւիկեանի Գեղեցիկ Կոլը

Սեւիկեանի Գեղեցիկ Կոլը

Ապու Տապիի մէջ, Թոլիաթիի Աքրոն ֆութպոլի խումբը բարեկամական մրցում մը ունեցաւ ռուսական այլ խումբի մը` Ռոտինա Մոսկուա 2 խումբին դէմ եւ 2-0 արդիւնքով յաղթեց: Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Էտկար Սեւիկեան, որ Աքրոնի հետ կը մասնակցի մարզական հաւաքին, մեծ քառակուսիի դուրսէն սքանչելի հարուածով նշանակեց Աքրոնի երկրորդ կոլը 37-րդ վայրկեանին: Սեւիկեան 23-րդ վայրկեանին էսիսթ մը կատարած էր Քափէ Վերտէի յառաջապահ Պենշիմոլի, որ...

Էն. Պի. Էյ.  Լըպրոն Ճէյմս – Քլիվլենտ Քեվելիրզ  Յուզիչ Հանդիպումը

Էն. Պի. Էյ. Լըպրոն Ճէյմս – Քլիվլենտ Քեվելիրզ Յուզիչ Հանդիպումը

Լըպրոն Ճէյմս երէկ Լէյքըրզի հետ մրցում ունէր Քլիվլենտի մէջ, ուր տեղւոյն Քեվելիրզ զինք ձեւով մը պատուեց` կարճ ժապաւէն մը ցուցադրելով թայմ աութի ժամանակ: Լըպրոն Ճէյմս իր հին օրերուն Քեվելիրզի հետ դարձած էր «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան 2016-ին: Լըպրոն յուզուած կը դիտէր` միեւնոյն ժամանակ յայտնելով, որ հաւանաբար այսպիսով իր վերջին այցելութիւնը կատարած ըլլայ այս դաշտը, որ կը գտնուէր իր մանկութեան տունէն...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Պենֆիքայի Բերդապահը  Նշանակեց Պատմական Կոլ Մը

«Չեմփիընզ Լիկ». Պենֆիքայի Բերդապահը Նշանակեց Պատմական Կոլ Մը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի առաջին հանգրուանի 8-րդ եւ վերջին շաբթուան մրցումները շատ պարզ կամ դիւրին կը կարծուէին, բայց անգամ մը եւս փաստուեցաւ, թէ դիւրին մրցում չկայ, եւ դաշտին վրայ պայքարող խումբը, խմբային ներդաշնակ ֆութպոլ կիրարկող խումբը եւ մասամբ մըն ալ բախտը կ՛օգնեն յաղթելու որեւէ մրցակիցի: Ռէալ Մատրիտ, որ 3-րդ դիրքը կը գրաւէր, 4-2 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Լիզպոնի մէջ` Պենֆիքայի «Էշթատիօ տա լուշ»...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ – Թատամոն Հարաժել` 96-82

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ – Թատամոն Հարաժել` 96-82

Երէկ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը 96-82 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թատամոն Հարաժելը: Ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի այս մրցումը սպասուածին նման եղաւ միակողմանի, հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ Բ. մասին դաշտ ներկայացուց իր պահեստի տղաքը, երբ առաջին մասին 29-21 արդիւնքով յառաջացած էր խումբը: Հարաժելի խումբը օգտուեցաւ ասկէ եւ 25-11 արդիւնքով կիսախաղ մտաւ 6 կէտի առաւելութեամբ (40-46): 3-րդ մասին աւելի լուրջ էր մրցումը, եւ ՀՄԸՄ...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ` 92-56

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ` 92-56

Երեքշաբթի գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը իր 5-րդ մրցումը կատարեց` ձեռք ձգելով իր 5-րդ յաղթանակը: Մրցակիցը Անդրանիկի աղջկանց խումբն էր, որ կը կատարէր իր 3-րդ մրցումը եւ կրեց իր 2-րդ պարտութիւնը` 92-56 արդիւնքով: ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումին սկիզբէն մինչեւ վերջ գրեթէ կայուն ելոյթ ունեցաւ` դաշտ ներկայացնելով իր 12 մարզիկներն ալ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը...

Դահուկարշաւ.  Մոսէսով Շահեցաւ Պոսնիոյ Մէջ

Դահուկարշաւ. Մոսէսով Շահեցաւ Պոսնիոյ Մէջ

Հայ դահուկորդ Գլեբ Մոսէսով յաջող ելոյթ ունեցաւ Պոսնիոյ միջազգային մրցաշարքին` շահելով երկու մետալներ: Քանի մը օրերու վրայ տեղի ունեցած մրցումներու ընթացքին Մոսէսով (որ ծնած է Ռուսիա) կրցաւ բաւական կայուն եւ փայլուն արդիւնքներ արձանագրել: Ան առաջին օրը (23 յունուարին) 50 մասնակիցներու հսկայ սլալոմի մրցումներուն 5-րդ դիրքը գրաւեց: Յաջորդ օրը, 40 մասնակիցներու կողքին նոյն տեղը (հսկայ սլալոմ) 5-րդ դիրքը գրաւեց: Աւելի ուշ...

Ըմբշամարտ.  Թեւանեան Կը Շարունակէ Յաղթել

Ըմբշամարտ. Թեւանեան Կը Շարունակէ Յաղթել

Հայ ազատ ոճի ըմբիշ Վազգէն Թեւանեան (65 քկ) կը շարունակէ իր փայլուն ելոյթները «Փի. Տապըլեու. Էլ. Ինտիա» ախոյեանութեան ընթացքին, ուր արձանագրեց իր 4-րդ յաղթանակը: Հնդկաստանի արհեստավարժ ըմբշամարտի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին, Թեւանեան մրցում ունեցաւ Անուշ Քումարի դէմ: Գօտեմարտը անցաւ ամբողջութեամբ հայ ըմբիշի տիրապետութեան տակ եւ վերջ գտաւ 12-0 արդիւնքով: Աւելի կանուխ, Թեւանեան նոյնպէս տպաւորիչ յաղթանակներ արձանագրած էր ազրպէյճանցի մարզիկ Ալի Ռահիմզատէի,...

Թենիս.  Ճոքովիչ Կը Պարտուէր, Բայց… Հասաւ Կիսաւարտական

Թենիս. Ճոքովիչ Կը Պարտուէր, Բայց… Հասաւ Կիսաւարտական

Աւստրալիոյ թենիսի տղոց մրցաշարքի քառորդ աւարտականի իր մրցումին, Նովաք Ճոքովիչ «կը սուրար» դէպի... տուն, երբ իր իտալացի մրցակից Լորենցօ Միւզեթթի 3-րդ սեթին վիրաւորուեցաւ եւ կիսատ ձգեց մրցումը: 23 տարեկան թիւ 5 թենիսմեն Միւզեթթի 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթած էր առաջին երկու սեթերուն, երբ 3-րդ սեթին սկսաւ սրունքի մկանի ցաւ զգալ: Ան 3-1 արդիւնքով կը պարտուէր երրորդ սեթին, եւ արդիւնքը 15-40...

Page 63 of 1275 1 … 62 63 64 … 1,275

Արխիւներ