Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը երէկ 5-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Չեխիան, Եուրօ 2026-ի իր 2-րդ մրցումին, շարունակելով իր պատմական յաջողութիւնը եւ միաժամանակ ապահովելով քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Մրցումը արագ սկսաւ, եւ Չեխիա 2-րդ վայրկեանին կոլ նշանակեց: Հայաստան անմիջապէս փոխադարձեց Վլատիմիր Սանոսեանի շնորհիւ եւ 7-րդ վայրկեանին կոլ մը եւս աւելցուց Նիքիթա Խրոմիխի շնորհիւ: Կիսախաղ չեղած արդիւնքը 3-1 էր, երբ Քուտելքա (սխալմամբ իր բերդին մէջ) նշանակեց Հայաստանի 3-րդ կոլը: Չեխիա Բ. կիսախաղին նշանակեց կոլ մը, որուն անմիջապէս պատասխանեցին Արսէն Պետրոսով եւ Խրոմիխ, որ ընտրուեցաւ մրցումի լաւագոյն մարզիկը: Վերջին վայրկեաններուն Չեխիա 2 կոլ նշանակեց, բայց արդէն մրցումը վերջ գտաւ 5-4 արդիւնքով:
Հայաստան իր վերջին մրցումը (Բ. խմբակին մէջ) պիտի կատարէ չորեքշաբթի օր հիւրընկալ Լիթուանիոյ դէմ, որ առաջին մրցումին 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրած էր Չեխիոյ հետ, իսկ երէկ 4-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Ուքրանիոյ դէմ մրցումին:


