Լուքա Տոնչիչ 46 կէտ նշանակեց, 11 էսիսթ կատարեց եւ ձեռք ձգեց 7 ռիպաունտ` օգնելով, որ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 129-118 արդիւնքով յաղթէ Շիքակօ Պուլզին` այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Լըպրոն Ճէյմս իր 24 կէտերուն 20-ը նշանակեց առաջին կիսախաղին, ուր Լէյքըրզ բարելաւեց (3-1) իր արդիւնքները օտար դաշտերու վրայ: Ռուի Հաշիմուրա 23 կէտ աւելցուց ի նպաստ Լէյքըրզին, որ իր 28-րդ յաղթանակը արձանագրեց 45-րդ ելոյթին:
Շիքակօ Պուլզ, որ իր վերջին 4 մրցումներուն յաղթած էր, չկրցաւ կասեցնել Տոնչիչը: Քոպի Ուայթ (23 կէտ), Այո Տոսունմու (20 կէտ), Նիքոլա Վուչեվիչ (18 կէտ, 11 ռիպաունտ), Ճոշ Կիտի (19 կէտ) եւ Ճէյլըն Սմիթ (13 կէտ) լաւ ելոյթ ունեցան Պուլզի հետ:
Չարլոթ Հորնեթց այս ամիս երկրորդ անգամ ըլլալով 50 կէտերու առաւելութիւն ունեցաւ իր մրցակիցին վրայ, եւ երէկ 130-93 արդիւնքով յաղթեց Ֆիլատելֆիա 76-ըրզին:
Պրենտըն Միլըր 30 կէտ նշանակեց ի նպաստ Հորնեթցի, որ 2-րդ եւ 3-րդ մասերուն 41 եւ 40 կէտեր նշանակեց` պահ մը արդիւնքը 81-37-ի բարձրացնելով: Վերջին մասին մեծ մասամբ պահեստի մարզիկներով Չարլոթ 130-93-ի վրայ աւարտեց մրցումը:
Վերջին անգամ Ֆինիքս Սանզ 2009-ին երկու տարբեր մրցումներու իր մրցակիցին վրայ 50-է աւելի կէտերու տարբերութիւն ունեցած էր: 10 յունուարին Եութա Ճեզի դէմ Չարլոթ 57 կէտի առաւելութիւն ունեցած էր` 150-95 արդիւնքով յաղթանակին:
Տոնավըն Միչել 45 կէտ նշանակեց` օգնելով Քլիվլենտ Քեվելիրզին, որ արձանագրէ իր յաջորդական 4-րդ յաղթանակը: Քեվելիրզի վերջին մրցակիցն էր Օրլանտօ Մեճիք, որ տեղի տուաւ 114-98 արդիւնքով:
Հիուսթըն Ռոքեթց 108-99 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մեմֆիս Կրիզլիզը, ուր Քեւըն Տիւրենթ եւ Ալփերեն Շենկիւն 33-ական կէտ նշանակեցին ի նպաստ Հիուսթընի, որ 28-րդ յաղթանակը արձանագրեց 44-րդ մրցումին:


