Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան քանի մը օր առաջ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց հեծելարշաւի ֆետերասիոնի անդամները` գլխաւորութեամբ նախագահ Հրայր Սեթոյեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ժան Զուղէյպ, քարտուղար Միշել Տաղլ, գանձապահ Արտա Զէյթունլեան, հաշուապահ Նազարէթ Հապիպեան եւ խորհրդատու Կարապետ Աբգարեան:
Պատուիրակութիւնը ներկայացուց մարզական տարեշրջանի իր տեղեկագիրը եւ յայտագիրը, մինչ Պայրագտարեան իր կարգին ներկայացուց նախարարութեան ծրագիրները, ինչպէս նաեւ այն նախաձեռնութիւններն ու խորհրդաժողովները, զորս կը պատրաստէ այս տարի բոլոր ֆետերասիոններուն համար:


