Եւրոպայի լաւագոյն 5 ախոյեանութիւններուն, կիրակի գիշեր Լոնտոնի մէջ Մանչեսթըր Եունայթըտ 3-2 արդիւնքով անակնկալի մատնեց պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալը` յաջորդական իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրելով նոր մարզիչ Մայքըլ Քարիքի հետ:
Արդարեւ, շաբաթ մը առաջ անակնկալի բերելէ ետք Մանչեսթըր Սիթին (2-0), Եունայթըտ անակնկալ կոլ մը ստանալէ ետք 29-րդ վայրկեանին, 37-րդ եւ 50-րդ վայրկեաններուն փոխադարձեց քամերունցի Էմպումոյի եւ դանիացի Տորկուի շնորհիւ: 84-րդ վայրկեանին Մերինօ նշանակեց Արսենալի հաւասարութեան կոլը, բայց պրազիլցի Քունիա անզսպելի հարուածով 87-րդ վայրկեանին նշանակեց Եունայթըտի յաղթանակի կոլը:
Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 22-րդ հանգրուանին, Եուվենթուս 3-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց անցեալ տարուան ախոյեան Նափոլին, այս վերջինս հեռացնելով պարագլուխի դիրքը գրաւող Ինթեր Միլանէն (9 կէտով): Բ. դիրքը գրաւող Ա. Սէ. Միլան, մայրաքաղաքի Ա. Էս. Ռոմայի հետ միայն հաւասարութիւն արձանագրեց (1-1), եւ իր կարգին 2 կէտով եւս ետ մնաց Ինթերէն: Ինթեր 5 կէտով կը գերազանցէ իր Միլանի դրացին` Ա. Սէ. Միլանը:
Սպանիոյ մէջ, Պարսելոնա 3-0 արդիւնքով յաղթեց Օվետոյին` վերագրաւելով պարագլուխի դիրքը: 73-րդ վայրկեանին Լամին Եամալ սքանչելի կոլ մը նշանակեց (3-րդ կոլը)` դէպի ետ մկրատային հարուածով:
Ռէալ Մատրիտ օր մը առաջ 2-0 արդիւնքով յաղթած էր Վիարէալի դաշտին վրայ` շնորհիւ Քիլիան Էմպափէի տուպլէին:


