Ազատ Յովհաննիսեան անակնկալի բերաւ բռնցքամարտի աշխարհը` կէտերով պարտութեան մատնելէ ետք անյաղթ Այտոս Մետեթը, Քալիֆորնիոյ մէջ: Հայ մարզիկը 77-75, 78-74 եւ 79-73 արդիւնքով հաստատ յաղթանակ արձանագրեց:
Կլենտէյլ բնակող Յովհաննիսեան մենամարտի սկիզբէն ճնշեց Ղազախստանի 24 տարեկան մարզիկ Մետեթի վրայ, որ փետուրի կշիռի գծով իր նախկին 14 մրցումներուն ալ յաղթած էր:
37 տարեկան Յովհաննիսեան փոխարինած էր Մետեթի նախնական մրցակիցը, որ անորոշ պայմաններով քաշուած էր մրցումէն: 3 պարտութիւններէ ետք Յովհաննիսեան վերականգնեց յաղթանակներու շարքը` արձանագրելով իր 22-րդ յաղթանակը:


