Շաբաթ օր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը Գ. դասակարգի 7-րդ հանգրուանի (երթի վերջին) իր մրցումին շատ կարեւոր 3 կէտեր ձեռք ձգեց Մաշղարայի մէջ Հորր Ամելի խումբին դէմ տեղի ունեցած մրցումին:
Ճիշդ է, որ մրցումը մրցակից խումբին դէմ էր, բայց դժբախտաբար ֆութպոլէ անկախ ամէն ինչի կը նմանէր: Կլիմայի աննպաստ պայմաններուն ներքեւ դաշտը վերածուած էր լճակներու, բայց իրաւարարը ամէն պարագայի «յարմար» տեսած էր մրցումը կատարել: Շատ դժուար էր ֆութպոլ խաղալը, երբ ո՛չ կրնաս գնդակը փոխանցել, ո՛չ ալ գնդակով յառաջանալ… Կարեւորը պայքարն էր, եւ տղաքը յաջողեցան պայքարիլ նախ դաշտին դէմ, ապա մրցակիցի մը դէմ, որ միայն կը փորձէր գնդակը հեռացնել` զայն հարուածելով ինչպէս որ կարելի էր:
Շատ դժուար կ՛ըլլայ, երբ մրցումէն առաջ մարզիչը մրցումի խաղաձեւ կ՛որդեգրէ եւ կ՛որոշէ մրցումի ծրագիր, բայց դաշտին վրայ կարելի չ՛ըլլար զայն գործադրել ոչ թէ կամայ, այլ ակամայ… աննպաստ «լճակ»-ներուն պատճառով: Դաշտը կը նմանէր ոչ շատ հեռու գտնուող Քարաոն լիճին: Հակառակ այս բոլորին, ՀՄԸՄ «ձեւով» մը կրցաւ կոլ նշանակել 34-րդ վայրկեանին, շնորհիւ Եուսեֆ Համատէի: Սակայն մրցակից խումբը իր կարգին «սխալմամբ» կոլ մը նշանակեց շնորհիւ Մոհամետ Քամարի` 7 վայրկեան ետք:
Բ. կիսախաղին պայքարը շարունակուեցաւ, եւ բոլոր փորձերը` բնական ֆութպոլ խաղալու, ձախողեցան մինչեւ 84-րդ վայրկեան, երբ աջ կողմէն Հիւսէյն Զալզալի փոխանցում մը կատարեց դէպի կեդրոն` Գ. դասակարգի կոլ-սքորըր Ուասիմ Ապտել Հատիի, որ անզսպելի հարուածով գրաւեց մրցակից խումբի բերդը եւ 3 կէտերը նուիրեց ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտին:
Բոլոր մարզիկներն ալ դաշտին վրայ պայքարեցան 3 կէտերը շահելու համար, եւ այդ պայքարը արժեւորուեցաւ մրցումի աւարտի սուլիչէն ետք:
Շատ ուրախալի էր մթնոլորտը մրցումէն ետք, երբ բոլոր մարզիկները տօնեցին յաղթանակը` 5 աստիճան ցուրտ եղանակին:
Ինչպէս ըսինք, աննպաստ դաշտ, մօտ 1.000 մեթր ծովու մակերեսէն բարձր, ջերմաստիճանը ցոյց կու տար 5 աստիճան ցուրտ, եւ բնականաբար Պէյրութէն շատ աւելի նուազ թթուածինով տղաքը պայքարեցան բոլոր ճակատներուն վրայ` շահելով 3 ոսկի կէտեր:
Մրցումի աւարտին Մաժտել Այնճարէն ալ լաւ լուրեր եկան, թէ պարագլուխի դիրքը գրաւող Ղատ Աֆտալ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր հիւսիսի Իժթիմահի խումբին դէմ մրցումին: Այժմ պարագլուխի խումբին հետ տարբերութիւնը միայն 1 կէտի նուազեցաւ` դարձի մրցումներէն առաջ: Մեր տղոցմէ կը սպասուի պայքարի նոյն ոգին, նոյն ներդաշնակ խմբային խաղարկութիւնը, աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու դարձի մրցումներուն, որոնց մանրամասնութիւնները պիտի յայտարարէ ֆետերասիոնը վաղուան իր ժողովին:


