Մարզական

Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` Մթայլեպ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Աղջկանց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Մթայլեպ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Այսօր ժամը 20:30-ին Այնթուրայի դաշտին վրայ Մթայլեպ պիտի հիւրընկալէ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը` ախոյեանութեան 6-րդ շաբթուան մրցումներու ծիրին մէջ: Մինչեւ օրս ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ռիատի իրենց 5 մրցումներն ալ յաղթած են եւ կը մնան տարուան տիտղոսի թեկնածուներէն: Անշուշտ Տանիելլա Ֆայյատի վիրաւորուիլը կրնայ դժուարացնել ախոյեան դառնալու հարցը, բայց բարձր մակարդակի օտար մարզիկներով անկարելի բան չկայ, մանաւանդ որ ունինք Մեղրի Թորոսեանը,...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ – Շանվիլ

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Շանվիլ

Այսօր ժամը 20:30-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը տարեշրջանի իր 17-րդ մրցումը պիտի կատարէ Շանվիլի (Մարիսթ) դէմ: Երթին, ախոյեանութեան իր 7-րդ մրցումին, ՀՄԸՄ կը սուրար 6 յաջորդական յաղթանակներէ ետք, եւ դիւրին կը թուէր ըլլալ նիւթական նեղ պայմաններու մէջ գտնուող Շանվիլի դէմ մրցումը: Այդ օրը անկիւնադարձային եղաւ ՀՄԸՄ-ի համար, ուր խումբին աստղը` Թայլըր...

Ըմբշամարտ.  Թալինի Միջազգային Մրցաշարքը Կը Սկսի Վաղը

Ըմբշամարտ. Թալինի Միջազգային Մրցաշարքը Կը Սկսի Վաղը

Վաղը Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ տեղի կ՛ունենայ ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարք մը, որուն պիտի մասնակցին Հայաստանի ազատ ոճի եւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականները: Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը հրապարակեց մրցաշարքին մեկնող պատուիրակութիւնը: Հաւաքականները կը մեկնին ընդլայնուած կազմերով եւ լաւագոյն ըմբիշներով, որոնց կարգին` աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեաններ Մալիսա Ամոյեան ու Արսէն Յարութիւնեան: Ստորեւ` պատուիրակութիւնները. Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ. 60 քկ` Սուրէն Աղաջանեան 63 քկ` Արմէն...

«Էն.Պի.Էյ.»  Ճէյմս Հարտըն Քլիփըրզէն Միացաւ Քլիվլենտին

«Էն.Պի.Էյ.» Ճէյմս Հարտըն Քլիփըրզէն Միացաւ Քլիվլենտին

«Էն.Պի.Էյ.»-ի փոխանցումները նոր ընթացք առին երէկ, երբ վեթերան Ճէյմս Հարտըն Լոս Անճելըս Քլիփըրզէն միացաւ Քլիվլենտ Քեվելիրզին: Քեվելիրզի մարզիկ Տարիըս Կարլենտ միացաւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզին, «Օլ-Սթար»-ի մարզիկներու փոխարինումներու աղմուկ հանող համաձայնութեամբ: Հարտըն իր լաւագոյն տարեշրջանը կը բոլորէր այս եղանակին 25,5 կէտ նշանակելով միջին հաշուով առաջին անգամ ըլլալով 2019-2020 տարեշրջանէն ետք, երբ 34,3 կէտ կը նշանակէր: 26 տարեկան Կարլենտ, որ երկրորդ անգամ...

«Էմ.Էմ.Էյ.»  Այսօր Կը Սկսի Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը

«Էմ.Էմ.Էյ.» Այսօր Կը Սկսի Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը

Այսօր Պելկրատի (Սերպիա) մէջ կը սկսի Եւրոպայի «Էմ.Էմ.Էյ.»-ի ախոյեանութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ «Այ.Էմ.Էմ.Էյ.Էֆ.»-ի (միջազգային խառն մենամարտերու մրցումներու ֆետերասիոն) հովանիին տակ: Ոչ արհեստավարժ այս ախոյեանութեան պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստանի «Էմ.Էմ.Էյ.»-ի ֆետերասիոնին կազմած հաւաքականը, որ պիտի մասնակցի քանի մը տարիքային կարգերով: Մեծերու խումբին մաս պիտի կազմէ 56,5 քկ կշիռի աշխարհի պրոնզէ մետալակակիր Արթուր Ասոյեան: Պատանիներ (17 տարեկանէն վար) 61,2 քկ - Ռաֆիկ...

Փոխանցումներու Աշխարհէն.  Լուքման Միացաւ Աթլեթիքօ Մատրիտին

Փոխանցումներու Աշխարհէն. Լուքման Միացաւ Աթլեթիքօ Մատրիտին

Եւրոպայի ձմրան փոխանցումներու շուկան կամ պատուհանը փակուեցաւ երեքշաբթի օր (Նետերլանտներու մէջ) եւ պէտք է ըսել, որ մեծ աղմուկ հանող փոխանցումներ տեղի չունեցան: Ատեմոլա Լուքման Աթալանթան լքելով միացաւ Աթլեթիքօ Մատրիտի, Անթուան Սեմենիօ յունուարէն ի վեր միացած էր Մանչեսթըր Սիթիի լքելէ ետք Պորնմաութը, Քրիսթըլ Փելեսի Մարք Կեհին միացաւ Սիթիի մինչ Օսքար Պոպ լքեց Սիթին եւ միացաւ Ֆուլհամի: Պրեննըն Ճոնսոն Թոթենհամը լքելով միացաւ...

Նշմար.  Ի՞նչ Կը Պատահի

Նշմար. Ի՞նչ Կը Պատահի

ԿԱՐՕ Կ. Տարեշրջանը սկսաւ 20 հոկտեմբերին, եւ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը Հուփսի դէմ սկսաւ ախոյեանութեան իր մրցումները յաղթանակներով: Սակայն 6 յաջորդական յաղթանակներու յաջորդեցին 4 պարտութիւններ, մէկ յաղթանակ եւ 2 այլ պարտութիւններ: Դարձի առաջին երկու մրցումներուն պարտութիւններ, ապա երկու յաղթանակներ եւ անսպասելի պարտութիւն մը եւս Էն.Էս.Էյ.-էն: Սխալ բան մը կայ, որ բազմաթիւ  պատճառներ ունի վստահաբար, բայց լուծում կա՞յ... Ի՞նչ կը պատահի: Մէկ...

Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այս Շաբաթ` Ահլի Սայտա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այս Շաբաթ` Թաուֆիր-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Այս շաբաթ օր ժամը 14:15-ին Նըժմէի դաշտին վրայ (Մանարայի շրջան) ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի սկսի Գ. դասակարգի դարձի իր մրցումները` Թաուֆիրի դէմ: Դարձի մրցումները պիտի ըլլան 7 աւարտականի նման մրցումներ, որոնց ընթացքին պէտք է կեդրոնացած խաղալ եւ կարելի եղածին չափ քիչ սխալներ գործելով 3 կէտերուն վրայ կեդրոնանալ: Երթին բազմաթիւ մրցումներու ընթացքին անիմաստ կէտեր կորսնցուցինք, բայց բոլոր մրցակիցներն ալ գիտենք, եւ...

Մկրտչեան Միացաւ Նիւրեմպերկին  Ռանոս` Պրաունշվայկին

Մկրտչեան Միացաւ Նիւրեմպերկին Ռանոս` Պրաունշվայկին

Հայաստանի Ազգային խումբի 22 տարեկան յետսապահ Սթիոփա Մկրտչեան միացաւ Գերմանիոյ Բ. դասակարգի Նիւրեմպերկին: Մկրտչեան, որ 2023-ի ամրան միացած էր Խրուաթիոյ Օսիեք ակումբին, պայմանագիր կնքեց Նիւրեմպերկի հետ` մօտ 800 հազար եւրոյի փոխարէն: Նիւրեմպերկի մարզական տնօրէն Եոթի Հացեալեքսիու ըսաւ. «Մեր ուսումնասիրական բաժինը մանրամասնօրէն ուսումնասիրած է Մկրտչեանի պարագան եւ մեծ վստահութեամբ առաջարկ ներկայացուցած է իրեն, մանաւանդ որ ան կը համապատասխանէ մեր պահանջներուն` ձախ...

Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր.  Հայաստան Եւ Լիբանան Կը Մասնակցին 25-րդ Ողիմպիականին

Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր. Հայաստան Եւ Լիբանան Կը Մասնակցին 25-րդ Ողիմպիականին

Ուրբաթ օր Իտալիոյ Միլանօ-Քորթինա քաղաքներուն մէջ պիտի սկսին 2026-ի ձմեռնային Ողիմպիական 25-րդ խաղերը: Միլանօ եւ Քորթինա Տ՛Ամփեցցօ իրարմէ հեռու շրջաններ են (մօտ 400 քմ) Իտալիոյ հիւսիսը եւ պիտի հիւրընկալեն Ողիմպիական խաղերը 6-էն 22 փետրուարին: Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այս խաղերուն երեք մարզաձեւերու մէջ` 5 մարզիկներով: Հայաստանի հաւաքականին մաս կը կազմեն Միքայէլ Միքայէլեան եւ Կայտա Գալստեան (դահուկարշաւ), Արտեոմ Արտեոմեան (լեռնադահուկարշաւ),...

Փոխանցումներու Աշխարհ. Պենզեմա Միացաւ Հիլալին. Ռոնալտօ Դժգոհ Է

Փոխանցումներու Աշխարհ. Պենզեմա Միացաւ Հիլալին. Ռոնալտօ Դժգոհ Է

«Ոսկի գնդակ»-ի նախկին դափնեկիր Քարիմ Պենզեմա Սէուտական Արաբիա պիտի մնայ, բայց լքելով Իթթիհատը միացաւ Հիլալին: 2023-էն ի վեր Իթթիհատի յառաջապահ Պենզեմա, որ 64 մրցումներ կատարած է` 38 կոլեր նշանակելով, վերջերս դժգոհ էր Իթթիհատի նոր պայմանագիրի կէտերէն եւ նախընտրեց միանալ Հիլալին: Սէուտական Արաբիոյ Պետական ներդրումային հիմնադրամը, սեփականատէրն է Նասր, Իթթիհատ, Հիլալ եւ Ահլի ակումբներուն: Փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ շատ ալ ուրախ չէր...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով

Երէկ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը չկրցաւ զսպել Էն. Էս. Էյ.ի օտար մարզիկները եւ կրեց իր 7-րդ պարտութիւնը 16 մրցումներու ընթացքին: Մրցումի սկիզբէն Էն. Էս. Էյ. 22-18 յառաջացաւ եւ մինչեւ կիսախաղ 54-43 արդիւնքով կը յաղթէր: ՀՄԸՄ Բ. կիսախաղին աւելի լաւ էր եւ 31 կէտեր նշանակեց` ստանալով 22 կէտ եւ պահ մըն ալ անցաւ 3...

«Էն.Պի.Էյ.»  10 Մրցումներ Երէկ.  Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց

«Էն.Պի.Էյ.» 10 Մրցումներ Երէկ. Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն գծով 10 ճակատումներ կային: Օրուան աստղ ընտրուեցաւ Քլիվլենտ Քեվելիրզի սենթըր Ճերըթ Էլըն, որ դարձաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան առաջին մարզիկը, որ 30 վայրկեաններու ընթացքին 40-է աւելի կէտեր նշանակեց, 15-է աւելի ռիպաունտ եւ 5-է աւելի էսիսթ` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի դէմ մրցումին: Քլիվլենտ, որմէ կը բացակայէին Տենիս Շրոտըր, Մաքս Սթրաս, Տարիըս Կարլենտ եւ Էվըն Մոպլի, պէտք ունէր...

Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ

Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ

Ռէալ Մատրիտի նախկին խմբապետ Սերխիօ Ռամոս բռնցքամարտի մենամարտ պիտի ունենայ, ինչպէս յայտնեց «Տէյլի Սփորթ»: «Միսֆիթց Պոքսինկ» բռնցքամարտի երեկոն տեղի պիտի ունենայ 22 օգոստոսին, Տոհայի մէջ: Մատրիտեան ակումբի նախկին յետսապահի մրցակիցը պիտի ըլլայ խառն մենամարտերու («Էմ.Էմ.Էյ.») եւ քիք պոքսինկ ամերիկացի յայտնի մարտիկներէն Էնտրու Թէյթ: Կը նախատեսուի, որ մենամարտը 6 ռաունտերէ բաղկանայ: Սերխիօ Ռամոս հանդէս կու գայ 88,5 քկ. կշիռի կարգին մէջ:...

«Սերի Ա.»  Ինթեր Միլան, Նափոլի Եւ Եուվենթուս Յաղթեցին

«Սերի Ա.» Ինթեր Միլան, Նափոլի Եւ Եուվենթուս Յաղթեցին

Իտալիոյ  ախոյեանութեան` «Սերի Ա.»-ի 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Ինթեր Միլան 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քրեմոնեզէն, այս վերջինիս դաշտին վրայ: Լաութարօ Մարթինես եւ Փիոթր Զելենսքի նշանակեցին Ինթերի կոլերը: 60-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ Հայաստանի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, որ գեղեցիկ առիթ մը ստեղծեց Տիմարքոյի համար, որուն ռմբային հարուածը մեծ քառակուսիի սահմանէն յետսապահի մը դպնալով քոռնըր ուղղուեցաւ: Անցեալ տարեշրջանի...

«Փրեմիեր Լիկ».  Եունայթըտ Յաղթեց, Սիթի Չկրցաւ  Յաղթել Լոնտոնի Մէջ

«Փրեմիեր Լիկ». Եունայթըտ Յաղթեց, Սիթի Չկրցաւ Յաղթել Լոնտոնի Մէջ

Կիրակի գիշեր, «Փրեմիեր լիկ»-ի 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով Մանչեսթըր Եունայթըտ 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք Ֆուլհամի դէմ մրցումին, 2 կոլ ստացաւ մրցումի վերջին 5 վայրկեաններուն, բայց 94-րդ վայրկեանին կրցաւ 3-րդ կոլ մըն ալ նշանակել եւ յաղթել յաջորդական իր 3-րդ մրցումը Մայքըլ Քարիքի հետ: Անցեալ 17 յունուարէն ի վեր Եունայթըտ կրցաւ յաղթել Մանչեսթըր Սիթիին (2-0), Արսենալին (2-3) եւ Ֆուլհամին (3-2): Քասեմիրօ եւ...

«Լա Լիկա».  Պարսելոնա Եւ Ռէալ Մատրիտ Յաղթեցին

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Եւ Ռէալ Մատրիտ Յաղթեցին

«Լա լիկա»-ի 22-րդ հանգրուանը բնական անցաւ, ուր առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը` Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ սովորական յաղթանակներ արձանագրեցին: Պարսելոնա 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Էլչէի դաշտէն: Լամին Եամալ, Ֆեռան Թորես եւ Մարքուս Ռալֆորտ նշանակեցին քաթալոնական ակումբին կոլերը, մինչ ուրուկուէյցի Ալվարօ Ռոտրիկես 29-րդ վայրկեանին նշանակած էր Էլչէի հաւասարութեան կոլը: Ռէալ Մատրիտ 10-րդ վայրկեանին կորսնցուց իր անգլիացի միջնապահ Ճուտ Պելինկհեմը (վիրաւորուեցաւ), բայց...

Լիկ 1.  Մենտեզ Փրկեց Փարիզ Սեն Ժերմենը

Լիկ 1. Մենտեզ Փրկեց Փարիզ Սեն Ժերմենը

Փարիզ Սեն Ժերմեն 2-1 արդիւնքով բաւական դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց Սթրազպուրկի դաշտին վրայ: Սեննի Մայուլու 22-րդ վայրկեանին նշանակեց Փարիզի առաջին կոլը, բայց Փղոսկրեայ Ափունքի յետսապահ Կելա Տուէ նշանակեց Սթրազպուրկի հաւասարութեան կոլը, 5 վայրկեան ետք: Սթրազպուրկ, որ իր վերջին 8 մրցումներուն անյաղթ կը մնար (6 դեկտեմբերին), 81-րդ վայրկեանին կոլ մը ստացաւ, երբ Զէյր-Էմէրիի փոխանցումէն օգտուելով, Նունօ Մենտեզ գլխու հարուածով նշանակեց Սեն...

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

Այսօր ժամը 16:45-ին, Ճիւնիի Ֆուատ Շեհապ մարզադաշտի պասքեթպոլի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը պիտի ըլլայ հիւրը` Էն.Էս.Էյ.-ի ախոյեանութեան 17-րդ  հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ: ՀՄԸՄ, որ յաջորդող օրերուն 7 օրուան ընթացքին 3 մրցումներ պիտի կատարէ, շատ կարեւոր հանգրուանի մը մէջ կը գտնուի, ուր անպայման պէտք է յաղթէ իր մրցումներուն` վերագրաւելու 3-րդ դիրքը: Այսօր Էն.Էս.Էյ.-ի, հինգշաբթի Մարիսթի (Շանվիլ) եւ յաջորդ երկուշաբթի`...

«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

Քալիֆորնիա նահանգի Քոմերս քաղաքին մէջ երէկ առաւօտեան ժամերուն տեղի ունեցաւ «Էմ.Էմ.Էյ.»-ի Եու. Էն.Էֆ. 30-ի երեկոն: 8 Հայ մարտիկներ ունէին մրցումներ, որոնց կարգին օրուան կարեւորագոյն մրցումը` փետուրի կշիռի տիտղոսի մրցումը` Տարօն Գրիգորեանի եւ ամերիկացի  Ալպերթ Մորալեսի միջեւ: 34 տարեկան Մորալես պահեց իր տիտղոսը` խեղդելու կարելիութեամբ անշարժացնելով Գրիգորեանը: Նոյն կշիռի գծով մրցումի մը ընթացքին Միհրան Յարութիւնեան (Մայեսթրօ) հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց ամերիկացի...

Page 62 of 1275 1 … 61 62 63 … 1,275

Արխիւներ