Հայաստանի Ազգային խումբի 22 տարեկան յետսապահ Սթիոփա Մկրտչեան միացաւ Գերմանիոյ Բ. դասակարգի Նիւրեմպերկին:
Մկրտչեան, որ 2023-ի ամրան միացած էր Խրուաթիոյ Օսիեք ակումբին, պայմանագիր կնքեց Նիւրեմպերկի հետ` մօտ 800 հազար եւրոյի փոխարէն:
Նիւրեմպերկի մարզական տնօրէն Եոթի Հացեալեքսիու ըսաւ. «Մեր ուսումնասիրական բաժինը մանրամասնօրէն ուսումնասիրած է Մկրտչեանի պարագան եւ մեծ վստահութեամբ առաջարկ ներկայացուցած է իրեն, մանաւանդ որ ան կը համապատասխանէ մեր պահանջներուն` ձախ ոտքով պաշտպանի մը:
Ան նաեւ ունի ֆիզիքական լաւ տուեալներ` 1,92 սմ հասակով: Այս փոխանցումով մենք կը յայտարարենք Անտրէ Քարաֆիաթի, Թիմ Տրեքսլըրի եւ Ռոպին Քնոխէի հեռացումները: Սթիոփայի հետ մեր պաշտպանողական գիծը աւելի վստահելի կը դառնայ, եւ մենք կ՛ողջունենք զայն Նիւրեմպերկի մէջ»:
Իր կարգին, Սթիոփա Մկրտչեան ուրախութիւն յայտնեց այս փոխանցումին գծով. «Անհամբեր եմ գերմանական ֆութպոլի ասպարէզս սկսելու «Պունտըսլիկա-2-»ի մէջ: Շատ ուրախ եմ, որ տեղափոխութիւնը տեղի ունեցաւ եւ անհամբեր կը սպասեմ հանդէս գալու Նիւրեմպերկի հետ` համակիրներուն առջեւ:
Օսիեքի հետ Մկրտչեան 59 մրցում կատարած էր` նշանակելով 1 կոլ: Ան ազգային խումբին հետ ալ 23 ելոյթներ ունեցած է:
Նիւրեմպերկ այժմ 9-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ Սթիոփայի հետ ան կ՛ուզէ ամրացնել իր պաշտպանողականը` դարձի մրցումներուն: Միւս կողմէ, Գերմանիա ծնած Հրանդ-Լէոն Ռանս, վարձավճարով տեղափոխուեցաւ Այնթրախթ Պրաունշվայկ ակումբ, մինչեւ տարեշրջանի աւարտ:
Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի յառաջապահը յաջող ելոյթներու պարագային կրնայ վերջնականապէս միանալ Պրաունշվայկին, որ իր կարգին «Պունտըսլիկա 2»-ին մաս կը կազմէ:
Պրաունշվայկ 1966-1967 տարեշրջանին «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեան դարձած էր եւ մինչեւ 80-ականներու կէսերը առաջին դասակարգի խումբ էր: 2013-ին ան վերստին բարձրացած էր առաջին դասակարգ, բայց անմիջապէս վերադարձած էր Բ. եւ Գ. դասակարգ:
Յոյսով, որ Ռանոս վերջապէս գտնէ իրեն յարմար ակումբ մը, մանաւանդ որ 2023-ին լքելէ ետք Պայերն Միւնիխի երկրորդ խումբը միացած էր Մէօնշընկլատպախին, բայց շատ անգամ պահեստի աթոռներուն վրայ մնացած, կամ փոխ տրուած Քայզըրսլաութըրնի (վերջերս):


