Փարիզ Սեն Ժերմեն 2-1 արդիւնքով բաւական դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց Սթրազպուրկի դաշտին վրայ:
Սեննի Մայուլու 22-րդ վայրկեանին նշանակեց Փարիզի առաջին կոլը, բայց Փղոսկրեայ Ափունքի յետսապահ Կելա Տուէ նշանակեց Սթրազպուրկի հաւասարութեան կոլը, 5 վայրկեան ետք: Սթրազպուրկ, որ իր վերջին 8 մրցումներուն անյաղթ կը մնար (6 դեկտեմբերին), 81-րդ վայրկեանին կոլ մը ստացաւ, երբ Զէյր-Էմէրիի փոխանցումէն օգտուելով, Նունօ Մենտեզ գլխու հարուածով նշանակեց Սեն Ժերմենի յաղթանակի կոլը` պահելով իր 2 կէտի առաւելութիւնը Բ. դիրքը գրաւող Լանսի հետ:
Լանս 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Լը Հաւրը` շնորհիւ Ռուպեն Ակիյարի կոլին:
Մոնաքօ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռեննը` իր առաջին յաղթանակը արձանագրելով «Լիկ 1»-ի մէջ անցեալ 29 նոյեմբերէն ի վեր, երբ 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Փարիզ Սեն Ժերմէնի:
Անսու Ֆաթի, Աքլիուշ, Քուլիպալի եւ Իտումպօ նշանակեցին Մոնաքոյի 4 կոլերը: Խումբը այժմ կը գրաւէ 10-րդ դիրքը:


