Այսօր Պելկրատի (Սերպիա) մէջ կը սկսի Եւրոպայի «Էմ.Էմ.Էյ.»-ի ախոյեանութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ «Այ.Էմ.Էմ.Էյ.Էֆ.»-ի (միջազգային խառն մենամարտերու մրցումներու ֆետերասիոն) հովանիին տակ:
Ոչ արհեստավարժ այս ախոյեանութեան պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստանի «Էմ.Էմ.Էյ.»-ի ֆետերասիոնին կազմած հաւաքականը, որ պիտի մասնակցի քանի մը տարիքային կարգերով:
Մեծերու խումբին մաս պիտի կազմէ 56,5 քկ կշիռի աշխարհի պրոնզէ մետալակակիր Արթուր Ասոյեան:
Պատանիներ (17 տարեկանէն վար)
61,2 քկ – Ռաֆիկ Ալեքսանեան
70,3 քկ – Արայիկ Սահակեան
Պատանիներ (15 տարեկանէն վար)
48 քկ – Գրիգորի Հայրապետեան
52 քկ – Էրիկ Գէորգեան
57 քկ – Մեսրոպ Եղիազարեան
62 քկ – Խաչիկ Ասատրեան
Պատանիներ (13 տարեկանէն վար)
37 քկ – Գարիկ Հալուլեան եւ Արտակ Մելքոնեան
40 քկ – Միշա Սիմոնեան
48 քկ – Արսէն Սարգսով
Պատանիներ (11 տարեկանէն վար)
34 քկ – Դաւիթ Կարապետեան
Մարզիչներու խմբակ` Ստեփան Շահմուրատեան, Վիկտոր Յովսէփեան եւ Մխիթար Բարսեղեան: Պատուիրակութեան ղեկավար նշանակուած է Գարեգին Աղաբալեան:
Հայաստանի հաւաքականէն պիտի բացակային երիտասարդներու (20 տարեկանէն վար) եւ աղջիկներու խումբերը:
Մեծերու գործող աշխարհի ախոյեան Սպարտակ Միքայէլեան պիտի չմասնակցի այս ախոյեանութեան` նկատի ունենալով, որ ան աւարտած է իր ոչ արհեստավարժ ասպարէզը` մտնելով արհեստավարժ «Էմ.Էմ.Էյ.»: Ան 1 մարտին պիտի ունենայ իր առաջին արհեստավարժ ելոյթը:


