«Լա լիկա»-ի 22-րդ հանգրուանը բնական անցաւ, ուր առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը` Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ սովորական յաղթանակներ արձանագրեցին:
Պարսելոնա 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Էլչէի դաշտէն: Լամին Եամալ, Ֆեռան Թորես եւ Մարքուս Ռալֆորտ նշանակեցին քաթալոնական ակումբին կոլերը, մինչ ուրուկուէյցի Ալվարօ Ռոտրիկես 29-րդ վայրկեանին նշանակած էր Էլչէի հաւասարութեան կոլը:
Ռէալ Մատրիտ 10-րդ վայրկեանին կորսնցուց իր անգլիացի միջնապահ Ճուտ Պելինկհեմը (վիրաւորուեցաւ), բայց կրցաւ 2-1 արդիւնքով յաղթել Ռայօ Վայեքանոյին: Վենիսիուս ժունիոր 15-րդ վայրկեանին նշանակեց Ռէալի առաջին կոլը` Պրահիմ Տիասի
փոխանցումէն ետք (որ փոխարինած էր Պելինկհեմը), բայց Խորխէ Տը Ֆրութոս նշանակած էր հաւասարութեան կոլը 49-րդ վայրկեանին:
Ռէալ Մատրիտ երկու անգամ ցնցեց Վայեքանոյի բերդի ձողն ու սիւնը, բայց պէտք ունեցաւ փենալթիի մը` 99-րդ վայրկեանին յաղթելու, շնորհիւ Քիլիան Էմպափէի: Ասիկա ֆրանսացի յառաջապահին 22-րդ կոլն էր այս տարեշրջանին:
Աթլեթիքօ Մատրիտ 0-0 արդիւնքով հեռացաւ Վալենսիա քաղաքէն, ուր կը մրցէր Լեվանթէի դաշտին վրայ:


